image

«Համաս»-ը Կարմիր խաչին փոխանցած է իսրայէլացի 4 պատանդ, այդ շարքին 2 երեխայի դիեր

«Համաս»-ը Կարմիր խաչին փոխանցած է իսրայէլացի  4 պատանդ, այդ շարքին 2 երեխայի դիեր

Պաղեստինեան «Համաս» խմբաւորումն այսօր Կազայի հատուածի Խան Եունիս շրջանին մէջ Կարմի խաչի ներկայացուցիչներուն յանձնած է իսրայէլացի գերիներէն 4-ի դիերը: Ինչպէս նշած է Times of Israel-ը դագաղները յանձնուած են Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակին:

Մասնաւորապէս փոխանցուած են Շիրի Պիպասի, Արիել Պիպասի, Քֆիր Պիպասի եւ Օտետ Լիֆշիցի դիեր: Առաջին երեքը մայր եւ մանկահասակ որդիներ են: Անոնք չորսն ալ առեւանգուած էին 2023-ի հոկտեմբեր 7-ին «Համաս»-ի լայնամաշտապ յարձակման ժամանակ:

Յունուար 19-ին «Համաս»-ի եւ Իսրայէլի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան շրջածիրէն ներս Կազայի հատուածին մէջ հրադադար հաստատուած է։ Կ՚ակնկալուի, որ զինադադարը պիտի տեւէ առնուազն 42 օր։ Այս ընթացքին 33 պատանդ պէտք է վերադառնան Իսրայէլ, մինչդեռ հրէական պետութիւնը պարտաւորուած է ազատ արձակել մօտ 1,000 պաղեստինցի բանտարկեալներ։