image

Պաքուի ռազմական դատարանին մէջ կ՚ընթանայ Արցախի ղեկավարութեան շինծու դատավարութեան հերթական նիստը

Պաքուի ռազմական դատարանին մէջ կ՚ընթանայ Արցախի  ղեկավարութեան  շինծու դատավարութեան հերթական նիստը

Պաքուի ռազմական դատարանին մէջ կ՚ընթանայ բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ քաղաքացիական անձանց «գործերով» շինծու դատավարութեան հերթական նիստը։

Դատարանի առաջ կանգնած է 15 հայ`նախկին նախագահներ Արայիկ Յարութիւնեանը, Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը, Ազգային Ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, Պաշտպանութեան բանակի Զինուած ուժերու շտաբի նախկին պետ Դաւիթ Մանուկեանը, Արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանը, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, քաղաքացիական անձինք՝ Վասիլի Բեգլարեանը, Էրիկ Ղազարեանը, Դաւիթ Ալավերդեանը, Գուրգէն Ստեփանեանը, Լեւոն Բալայեանը, Մադաթ Բաբայեանը, Գարիկ Մարտիրոսեանը, Մելիքսեթ Փաշայեանը:

Նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանի «գործը» առանձին կը քննուի։