Փետրուար 14-ին, Հնդկաստանի մայրաքաղաք Նիւ Տելհիի՝ Հայաստանի դեսպանութեան երդիքին տակ կազմակերպուած է «Հայաստանի արուեստն ու հոգին» խորագրեալ ձեռնարկը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։
Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ ձեռնարկին մասնակցած են Կիներու միջազգային կազմակերպութեան (WIC) անդամները: Շարք մը երկիրներու դեսպաններու եւ դիւանագէտներու կիներուն, ինչպէս նաեւ Հնդկաստան բնակող օտարներուն եւ տեղացիներուն ներկայացուած են Հայաստանի մասին պատմող նիւթեր:
Ձեռնարկը ներառած է նաեւ հայկական ձեռային աշխատանքներու, յատկապէս՝ տիկնիկագործութեան եւ կարպետագործութեան վարպետաց դաս՝ նոյն օրերուն Հնդկաստան գտնուող «Յովհաննէս Շարամբէեան ժողովրդական արուեստներու թանգարան»-ի վարպետներուն կողմէ:
Աւարտին տեղի ունեցած հիւրասիրութեան ընթացքին մատուցուած են նաեւ հայկական ուտեստներ: