image

Լոս Անճելըսի մէջ. Պոլսահայ մեր հայրենակից Էտի Սարաֆօղլուի կորուստը

 Լոս Անճելըսի մէջ. Պոլսահայ մեր հայրենակից Էտի Սարաֆօղլուի կորուստը

Օրերս ԱՄՆ-ի Պոլսահայ շրջանակներ գուժած են կորուստը  երկար ժամանակէ ի վեր ԱՄՆ հաստատուած Էտի Սարաֆօղլուի։

Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ համացանցէն։

Ստորեւ տարածուած տխրունին։

 

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Լոս Անճելըսի պոլսահայ շրջանակները կը սգան Էտի Սարաֆօղլուի անժամանակ մահը։ 68 տարեկան հասակին անակնկալօրէն մահացած է Էտի Սարաֆօղլու, որու կորուստը ցնցած է բոլորը՝ մանաւանդ, որ ան եղած է շատ համակրելի ու յարգելի անձնաւորութիւն մը։ Տարիներէ ի վեր իր կողմէ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան գործունէութեան բերուած հետեւողական մասնակցութիւնը զինքը սիրոյ կերպարի մը վերածած է։ Ասպարէզով ոսկերիչ Էտի Սարաֆօղլու զոհ գացած է քաղցկեղի։ Դժբախտաբար անողոք հիւանդութիւնը իր սիրելիներէն ու բարեկամական շրջանակէն խլած է Էտի Սարաֆօղլուն, որ մաս կը կազմէր Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան հոգաբարձուներու խորհուրդին։

Սուգի ծանր պահուն Լոս Անճելըսի պոլսահայ շրջանակները բարոյական զօրակցութեան առարկայ կը դարձնեն իր այրին՝ Թալին Սարաֆօղլուն, մայրը՝ Այթէն Սարաֆօղլուն, զաւակները եւ համայն ընտանիքը։