Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը նշած է, որ Ուքրանիոյ անհրաժեշտ են ընտրութիւններ, եթէ ան կ՚ուզէ նստիլ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ՝ հակամարտութիւնը կարգաւորելու համար։
«Մենք գործ ունինք իրավիճակի մը հետ, երբ Ուքրանիոյ մէջ ընտրութիւններ չեն եղած երբ, Ուքրանիոյ մէջ ռազմական դրութիւն է։ Ո՞ւր է Ուքրանիոյ առաջնորդը։
Ինծի հաճելի չէ այդ ըսել, բայց Զելենսքին այժմ ունի 4% վարկանիշ։ Քաղաքներու մեծ մասն աւերուած է, շէնքերը քանդուած են։ Այն նման է զանգուածային խորտակուած հարթակի։ Ես կ՚ըսէի, որ երբ անոնք կ՚ուզեն տեղ ստանալ կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ, Ուքրանիոյ ժողովուրդը պիտի չըսէ՞, որ մենք վաղուց ընտրութիւններ չենք ունեցած»,-ըսած է Թրամփ։
Թրամփի խօսքով՝ ինքը սա կը յայտարարէ ոչ այն պատճառով, որ նման խօսքերով հանդէս եկած են Ռուսիոյ իշխանութիւնները։ «Սա առաջարկ է, որ կ՚ընեմ ես եւ շատ այլ երկիրներ»,-ըսած է Թրամփը:
Ամերիկայի նախագահը նաեւ նշած է, որ Ռուսիան կրնայ ոչնչացնել Ուքրանիոյ բոլոր քաղաքները, սակայն չուզեր այդ ընել։