image

Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ ԱԳ նախարարները երկկողմ օրակարգի հարցեր քննարկած են

Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ ԱԳ նախարարները երկկողմ օրակարգի հարցեր քննարկած են

Օգոստոս 11-ին Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ուքրանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Անտրիյ Սիպիհայի հետ, յայտնած են Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարը շնորհաւորած է Արարատ Միրզոյեանը ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին վերանշանակուելու առթիւ:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգի հարցեր:

Միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային իրավիճակի եւ վերջին զարգացումներու վերաբերեալ։