image

Ուքրանիան գիտէ, որ պատերազմի ժամանակ ՆԱԹՕ-ին անդամակցումն ընդհանրապէս հնարաւոր չէ. Շոլց

Ուքրանիան գիտէ, որ պատերազմի ժամանակ ՆԱԹՕ-ին անդամակցումն ընդհանրապէս հնարաւոր չէ. Շոլց

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց յայտարարած է, որ Ուքրանիան չի կրնար դառնալ ՆԱԹՕ-ի անդամ, քանի դեռ իր տարածքին մէջ հակամարտութիւն է։

«Մէկ բան բացարձակապէս պարզ է, եւ Ուքրանիան այդ գիտէ եւ բազմիցս ըսուած է՝ պատերազմի ժամանակ մեր դաշինք մտնել ընդհանրապէս հնարաւոր չէ։ Անդամակցութեան պայմանը սահմանային չլուծուած հակամարտութիւններու բացակայութիւնն է»,-ըսած է վարչապետը ARD հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին մէջ։

Միաժամանակ Շոլց նշած է, որ Գերմանիան այն երկիրներէն է, որոնք իրենց պարտաւոր կը համարեն Ուքրանիոյ համար անվտանգութեան երաշխիքներ մշակել հակամարտութեան աւարտէն ետք։

«Եւ այս հարցով մենք շատ աշխուժ բանակցութիւններ կը վարենք Ուքրանիոյ հետ՝ գրեթէ պատերազմի սկիզբէն»,-ըսած է ան՝ նշելով, որ ատոնց կը մասնակցին նաեւ Գերմանիոյ այլ մերձաւոր դաշնակիցներ, եւ ոչ միայն Միացեալ Նահանգները։

Յիշեցնենք, որ Ուքրանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավար Տմիթրի Քուլեպան Գերմանիոյ կառավարութիւնը յորդորած էր չհակազդել ՆԱԹՕ-ին իր երկրի անդամակցութեան, որ, ըստ անոր, ժամանակին արած է նախկին վարչապետ Անկելա Մերքելը:

«Իմ ուղերձը պարզ է. մի՛ կրկնէք այն սխալը, որ վարչապետ Մերքելը թոյլ տուաւ 2008 թուականին Պուխարեստի մէջ, երբ ան դէմ էր ՆԱԹՕ-ին Ուքրանիոյ անդամակցութեան հարցով որեւէ առաջընթացի», - Welt am Sonntag թերթին ըսած էր Քուլեպան:

Անոր խօսքով՝ Մերքելի գործողութիւնները, մասնաւորապէս, նպաստած են Խրիմի միաւորման՝ Ռուսիոյ։