image

Նիւ Եորքի մէջ կը քննարկեն Նաթանըահուի հնարաւոր ձերբակալութիւնը

Նիւ Եորքի մէջ կը քննարկեն Նաթանըահուի հնարաւոր ձերբակալութիւնը

 

Նիւ Եորքի քաղաքապետ Զոհրան Մամտանին յայտարարած է, որ իրաւաբաններու հետ կը խորհրդակցի Միջազգային Քրէական Դատարանի (ՄՔԴ) ձերբակալման հրամանին հիման վրայ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն ձերբակալելու օրինականութեան հարցին շուրջ՝ եթէ հրեայ պետութեան ղեկավարը այցելէ քաղաք։

«Կը կարծեմ, որ վարչապետ Նաթանիահուի տեղը Հաակայի մէջ է։ Ան ռազմական յանցագործ է, որուն դէմ Միջազգային Քրէական Դատարանը մեղադրանքներ առաջադրած է»,– ըսած է Մամտանին՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ Սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի բարձր մակարդակի շաբաթուան ընթացքին Նաթանիահուի այցելութեան պարագային ան կրնա՞յ ձերբակալուիլ։ «Աշխուժ քննարկումներ կը կատարուին մեր իրաւաբանական բաժանմունքին հետ, որ ճշդենք, թէ ի՛նչ տարբերակներ ունի մեր քաղաքապետարանը»։

Միեւնոյն ժամանակ, քաղաքապետը յայտարարած է, որ մտադիր չէ Իսրայէլի վարչապետը կալանաւորելու նպատակով արհեստական կերպով իրաւական հիմքեր ստեղծել։ «Երկրի մակարդակով երբեմն կը տեսնենք սեփական օրէնքներ գրելու եւ օրէնքի սահմաններէն դուրս գալու ձգտում։ Մեզի համար այդ մօտեցումը ընդունելի չէ»,– շեշտած է ան։

2024 թուականի Նոյեմբերին Միջազգային Քրէական Դատարանը Կազայի հատուածին մէջ հակամարտութեան առնչութեամբ ռազմական եւ մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւններու մեղադրանքով Նաթանիահուի եւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախկին նախարար Եոաւ Կալանթի դէմ ձերբակալման հրաման արձակած էր։ Իսրայէլ չի ճանչնար դատարանին իրաւասութիւնը։