Ուքրանիան արժանի է անդամակցելու ՆԱԹՕ-ին: Այս մասին, ինչպէս գրած է ուքրանական «Unian» լրատուական գործակալութիւնը, Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը։
«Թուրքիան իր ամբողջական ջանքերը գործադրեր էր՝ միջազգային իրաւունքի հիման վրայ բանակցութիւններու միջոցով պատերազմը դադրեցնելու համար։ Մենք պիտի տրամադրենք ամէն տեսակի աջակցութիւն Ուքրանիոյ վերականգնման համար։ Անշուշտ, Ուքրանիան արժանի է ՆԱԹՕ-ին անդամակցութեան», -ըսած է Էրտողան։