image

Ուքրանիա ուղարկուող ռազմական օգնութիւնը հսկողութեան տակ պիտի առնուի

Ուքրանիա ուղարկուող ռազմական օգնութիւնը հսկողութեան տակ պիտի առնուի

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի հանրապետականներու ցանկութիւնը՝ վերահսկողութեան տակ առնել Քիեւ ուղարկուող ռազմական օգնութիւնը, իրականութեան մէջ մտահոգութիւն պիտի չըլլայ ԱՄՆ քաղաքացիներու բարեկեցութեան համար, այլ՝ անհատոյց օգնութիւն Ռուսիոյ, գրած է Foreign Affairs։

«Ամերիկացի հարկատուները ոչինչ կը շահին Ուքրանիոյ աջակցութիւնը սահմանափակելու հանրապետականներու ջանքերէն: Անկախ թէ կը գիտակցին այդ, թէ ոչ, հակաուքրանական խմբակցութեան անդամները կ'օգնեն Ռուսիոյ իրականացնելու իր նպատակները»,- ըսուած է յօդուածին մէջ:

Յօդուածի հեղինակներուն կարծիքով՝ արեւմտեան երկիրներն արդէն յոգնութիւն կը ցուցաբերեն Ուքրանիոյ հակամարտութենէն։ ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի բնակիչները պէտք է անտեսեն սննդամթերքի կամ պենզինի թանկացումը՝ ի նշան ուքրանացի ժողովուրդի հետ համերաշխութեան, եզրակացուցած են լրագրողները։