image

Հարաւային Քորէան մտադիր է ռազմական ուժեր ուղարկել դէպի Հորմուզի նեղուց

Հարաւային Քորէան  մտադիր է  ռազմական ուժեր ուղարկել դէպի Հորմուզի նեղուց

Հարաւային Քորէայի նախագահական գրասենեակը սեպտեմբեր 4-ին յայտնած է, որ Հորմուզի նեղուց ռազմական ուժեր ուղարկելու վերաբերեալ վերջնական որոշում չէ կայացուած, եւ հարցի քննարկումը տակաւին ընթացքի մէջ է։ Այս մասին կը հաղորդէ Yonhap գործակալութիւնը։

Նախագահական գրասենեակի անանուն պաշտօնեան յայտնած է, որ Հարաւային Քորէա կրնայ ռազմական ներդրում կատարել նեղուցով ազատ նաւագնացութիւն ապահովելու համաշխարհային ջանքերուն մէջ այնքանով, որքանով նման ներդրումները վտանգի չեն ենթարկեր երկրի պաշտպանական պատրաստուածութիւնը, եթէ նման որոշում կայացուի։

 

Մեկնաբանութիւնները յաջորդած են լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն, ըստ որոնց՝ կառավարութիւնը կը պատրաստուի դիմելու խորհրդարանին՝ Հորմուզի նեղուց ռազմական ուժեր, ներառեալ մարտական աջակցութեան նաւ ուղարկելու ծրագիրին համար։

«Հորմուզի նեղուցին մէջ զգալի ներդրում կատարելու համար նախ պէտք է քննարկուի Քորէական թերակղզիի մէջ մեր պատրաստուածութեան վիճակը, ինչպէս նաեւ տեղական իրաւական ընթացակարգերու համաձայն գործելու հարցը»,– ըսած է պաշտօնեան։ «Մենք կը մտածենք, որ կրնանք ներդրում կատարել այն սահմաններուն մէջ, որոնք չեն վտանգեր մեր պատրաստուածութեան վիճակը»։

Ան աւելցուցած է, որ ընթացիկ քննարկումը տակաւին չէ հասած խորհրդարանական հաստատման դիմելու փուլին, եւ վերջնական որոշում դեռ չէ կայացուած։

 

Պաշտօնեան ընդգծած է, որ ռազմական ներդրումները կրնան նշանակել ոչ միայն մարտական ուժեր, այլեւ ոչ մարտական եւ որոնողական ուժեր, ինչպէս նաեւ այլ «տարբերակներ»՝ աւելցնելով, որ կառավարութիւնը այդ բոլոր տարբերակներու «համապարփակ» դիտարկում կը կատարէ։

Ան հերքած է այն ենթադրութիւնները, թէ Հորմուզի մէջ ուժեր տեղակայելու հարցը խոչընդոտ հանդիսացած է Սէուլի եւ Ուաշինկթընի միջեւ տնտեսական յառաջընթացի շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն։ Սակայն պաշտօնեան ընդունած է, որ երկկողմ բանակցութիւնները լաւ չեն ընթանար, եւ որ կիսահաղորդիչներուն վերաբերող հարցերն ալ կը քննարկուին բանակցութիւններու շրջածիրէն ներս։

Գործակալութիւնը կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը վերջերս ակնյայտօրէն ուժեղացուցած է Սէուլի վրայ ճնշումը, որպէսզի Հարաւային Քորէան ռազմական ներդրում կատարէ Հորմուզի նեղուցին մէջ։ Թրամփ նաեւ բազմիցս մեղադրած է դաշնակիցը իր խնդրանքը մերժելու համար։