Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն յայտարարած է, որ Ուաշիկթընը 180 օրով դադրեցուցած է Սուրիոյ դէմ սահմանուած «Կեսար»-ի օրէնքին վերաբերող պատժամիջոցները, որոնք ընդունուած էին 2019-ին: Ան աւելցուցած է, որ ԱՄՆ ֆինանսներու նախարարութիւնը վաւերագիր ընդունած է, որ թոյլ կու տայ ֆինանսական գործարքներ իրականացնել Սուրիոյ որոշ ընկերութիւններու եւ դրամատուներու հետ:
«Այս արտօնութիւնները պիտի դիւրացնեն բնակչութեան ելեկտրականութեամբ, կենսուժով, ջրային պաշարներով ապահովելը, ինչպէս նաեւ թոյլ պիտի տան աւելի արդիւնաւէտ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել ամբողջ Սուրիոյ մէջ»,-ըսուած է Ռուպիոյի յայտարարութեան մէջ։
Աւելի վաղ ԱՄՆ Ելեւմուտքի Նախարարութեան օտար ապրանքի վերահսկման գրասենեակը ընդհանուր վաւերացում տուած էր Սուրիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներու անյապաղ չեղարկման համար՝ համաձայն նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ երկրի դէմ բոլոր պատժամիջոցները դադրեցնելու մասին յայտարարութեան եւ հանած էր սուրիական որոշ նաւթային ընկերութիւններու եւ դրամատուներու նկատմամբ սահմանափակումները: