Աւագ Հինգշաբթի օրուան խորհուրդները ամփոփող Ոտնլուայի կարգ տեղի ունեցած է Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Ապու Տապի քաղաքի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։
Սուրբ Պատարագի ընթացքին ԱՄԷ-ի Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան կատարած է Ոտլուայի հոգեպարար արարողութիւնը։
Արարողութեան աւարտին Սրբազան Հայրը տուած է օրուան իմաստները վեր հանող ոգեշունչ քարոզ մը։