image

«Ոչ մէկ աշակերտ հայեցի դաստիարակութենէ պիտի զրկուի նիւթական պատճառներով». ՀԲԸՄ-ի երիտասարդաց մարմնի ատենապետ Վիգէն Չերչեան

«Ոչ մէկ աշակերտ հայեցի դաստիարակութենէ պիտի զրկուի նիւթական պատճառներով». ՀԲԸՄ-ի երիտասարդաց մարմնի ատենապետ Վիգէն Չերչեան

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) երիտասարդաց մարմնի՝ ՀԵՄ-ի ատենապետ Վիգէն Չերչեանի հետ ունեցանք մտերմիկ զրոյց մը, որուն սղագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

-ՀԲԸՄ-ի 92-րդ ընդհանուր ժողովին մասնակցեցանք՝ որպէս Պէյրութի Բարեգործականի մեծ ընտանիքի ՀԵԸ-ի նախագահ ներկայացուցիչը: Ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները, ընդհանրապէս ինչպէ՞ս էին աշխատանքները:

Ժողովը ընդհանուր առմամբ տպաւորիչ էր: Ներկայիս հիմնական աշխատանքը պիտի ըլլայ Հայաստանի կողքին կանգնիլ այս ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ։ Խորքին մէջ այսօրինակ դժուարին ժամանակներուն միշտ կը վերյիշենք մեր միութեան նշանաբան- հանգանակը՝ «Միութիւնը զօրութիւն է»։ Այդ նշանաբանով պէտք է հաւաքական աշխատանք կատարուի, որպէսզի կարենանք այս մղձաւանջէն դուրս գալ: Անկէ ետք ալ իբրեւ Բարեգործական, իբրեւ Բարեգործականի երիտասարդաց շարժում՝ ՀԵԸ մղուինք գործի։ Այստեղ չմոռնամ ըսել, որ «Քորոնա»ի ժամանականաշրջանը բաւականին «լարուած» շրջան մըն էր եւ ինչպէս ամէնուրեք մենք եւս յայտնուեցանք պարտադիր անդամալուծման վիճակի մը մէջ։ Եւ ներկայիս ամէն ճիգ ի գործ կը դնենք առաջ տանելու համար մեր աշխատանքները եւ լրացնելու առկայ բացերը։

 

-Դուք Պէյրութէն կու գաք, գաղութ մը, որ վիրաւոր է, ապա նկատելի է, որ այնտեղ բաւական աշխոյժ է Բարեգործականի կեանքը: Ի՞նչ կրնաք ըսել մեր ընթերցողներուն Պէյրութի այսօրուան դրութեան մասին։

Պէյրութի մէջ մենք վերսկսանք մեր շարժումները՝ սկաուուտական, մարզական, մշակութային, երիտասարդական: Այս առումով ալ պարտիմ նշել, որ ի հեճուկս առկայ դժուարին պայմաններուն մենք՝ որպէս ՀԵԸ, կարողացանք այս ամառ վերակենդանացնել սկաուտական շարժումը եւ «անսպասելի» յաջողութեամբ ալ բանակումներ յաջողցուցինք։ Ունեցանք հարիւրաւոր մասնակիցներ ըլլան անոնք՝ թիթեռ, արծուիկ, գայլիկ, սկաուտ, արենոյշ, երեց եւ քարաւել։ Բոլոր մասնաճիւղերը իրենց տարեկան մեծ բանակումները ըրին, որ աննախընթաց էր անցնող տարիներուն համեմատ ու տեղ մըն ալ զգալի էր, որ ժողովուրդը ծարաւը ունէր այդ հանդիպումներուն։ Մենք իբրեւ միութիւն պայման դրինք, որ որեւէ անձ նիւթական պատճառով պէտք չէ զրկուի բանակումներէն, հետեւաբար պիւտճէ ապահովուեցաւ, մեր Լիբանանի Բարեգործականի ժրաջան ատենապետ՝ Ժիրայր Թիւֆէնքճեանի, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ մեր վեթերան սկաուտներու ջանքերով, եւ ընդհանրապէս արտասահման ապրող ՀԲԸՄ-ի մեծ ընտանիքի անդամներուն կողմէ, որոնք իրենց լուման տրամադրեցին, որպէսզի մեր բանակումները յաջողին: Ասոր կողքին մեր մարզական կեանքը շատ աշխոյժ է, այս տարի ՀԵԸ-ը կրցաւ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով Լիբանանի փինկ-փոնկի ախոյենութիւնը ապահովել զոյգ աղջիկ-տղոց, պասքեթպոլի մէջ ալ Ա. դասակարգի տղոց եւ աղջկանց խումբերը անցան իրենց բնականոն գործունէութեան։ Ըլլայ թեքուանտոն, թենիսը, կամ ճատրակը շատ աշխոյժ են, նաեւ բոլոր մնացած մարզաձեւերը՝ ոտնագնդակ, ձեռնագնդակ եւ այլն: Մենք ուժ կու տանք մեր բոլոր հիմնարկներուն, նաեւ այն միտքը ունինք, որ հայ երիտասարդը, հայ պատանին, հայ մանուկը կարողանայ ակումբ յաճախել, մէկդի դնելով նիւթական բոլոր մակարդակի խնդիրները։ Մեզի համար ինչպէս երէկ, այսօր ալ հիմնական նպատակը հայկական ինքնութեան զգացումը տալը պիտի ըլլայ եւ այդ է, որ պիտի շարունակենք։ Կայ նաեւ այլ կարեւոր հանգամանք մը, որ կապ ունի հայեցի կրթութեան հետ ու այդ առումով ալ բոլոր անոնք, որոնք հայկական դպրոցներ չեն յաճախեր, արդէն իսկ հիմնած ենք հայերէն լեզուի ուսուցման նպաստող շաբաթավերջի դասընթացքներ։ Մեծ թիւով աշակերտներ կը մասնակիցն այդ դասընթացքներուն եւ այս երեւոյթը գրեթէ նոր է Մերձաւոր Արեւելքի կտրուածքով հայկական կենսական կեդրոն համարուող Պէյրութի մէջ։

 

-Բարեգործականը սփիւռքի մէջ երբեմնի մեր կրթական նախարարութիւնն էր, բայց վերջին տարիներուն կարծես թէ այդ դերը կը փոխուի։ Այդ մէկը ինչպէ՞ս գնահատել։

Այդ առումով եւ յատկապէս Պէյրութի կրթական համակարգին առընթեր ստիպուած եղանք կարգ մը բարեփոխումներ եւ յարմարեցումներ կատարելու։ Օրինակ՝ ունէինք ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու ցանցի երկ-րորդական վարժարաններու 8-րդ, 9-րդ, 10-րդ դասարաններ, որոնց աշակերտներուն թիւը քիչ էր, իբր այդ ալ վարժարաններու միացման գործընթացի մը ընթացք տուինք։ Այսօրուան կտրուածքով ունինք երկրորդական մէկ վարժարան, որ կը կոչուի ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ (AGBU Schools), քանի որ այնտեղ ընդգրկեցինք բոլորը, մեծցուցինք, դասարանները աւելցուցինք, որոշ գումար մը ծախսուեցաւ եւ նորոգուեցաւ ու արդիականացաւ: Այդ շրջանին մէջ ունինք «Տէմիրճեան» կեդրոնը եւ տեղի ոտնագնդակի մարզադաշտը, որ կ՚օգտագործուին արտադպրոցական գործունէութեանց համար։ Ներկայ գոյավիճակը այս է եւ պիտի ընտելանանք ստեղծուած վիճակներուն հետ։ Բաւականին մեծ թիւ ունինք շաբաթավերջի հայերէն դասընթացքներուն մասնակցող աշակերտներու, որոնք խորհրդանշական գումար կը վճարեն, որովհետեւ մեր հիմնական նպատակը նիւթականը չէ։ Նոյնիսկ եթէ աշակերտ մը անկարող է վճարելու, բայց կ՚ուզէ հայերէն սորվիլ, մենք կը գտնենք նուիրատու մը, որպէսզի հոգայ ծախսերը, միայն թէ ան գայ ու սորվի:

 

-Ընդհանուր ժողովին ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մարմնի նախագահ Վազգէն Եագուպեան անդրադարձաւ ձեր երիտասարդներու գործունէութեան։ Ան ակնարկեց Պէյրութի պայթումէն ետք ստեղծուած իրավիճակին ու այդ առումով ալ շեշտը դրաւ Բարեգործականի «սպիտակ ձեռքեր»ուն վրայ։ Այդ մասին ի՞նչ ըսելիք ունիք։

Նախ ըսեմ, որ ես անձամբ լրջօրէն վիրաւորուեցայ եւ դժբախտաբար չկրցայ այդ գործունէութեան մասնակցիլ։ Երբ պայթումը եղաւ ես «Տէմիրճեան» կեդրոնն էի եւ հսկայական շէնքի ապակիները փշրուեցան ու վրաս ինկան եւ ատոր իբրեւ հետեւանք երկար ժամանակ մնացի բժիշկներու խնամքին ներքոյ։ Գալով ձեր հարցումին, ապա ըսեմ, որ մեր հարիւրաւոր երիտասարդները փողոց իջան եւ նախ մաքրեցին հայկական շրջանները։ Անոնք այդ գործը ըրին առանց խտրականութեան, առանց հարցնելու, թէ ով ինչ է, կը բաւէ որ հայ է, մտան ու քանդուած բնակարանները մաքրեցին: Երկրորդ քայլը եղաւ, մասնագէտներու ընկերակցութեամբ իւրաքանչիւր տուն այցելել եւ գնահատել վնասները: Իսկ երրորդ քայլը՝ պատրաստել յատուկ նախագիծեր, նորոգելու տուները, անշուշտ միութեանս ամբողջական նեցուկով: Ասոր համար մասնաւոր մարմին մը ստեղծուեցաւ գլխաւորութեամբ՝ Լիբանանի Բարեգործականի ատենապետ՝ Ժիրայր Թիւֆէնքճեանի, որ իր անձնական ներդրումով ու աշխատանքով նիւթական գումարներ ապահովեց հասնելու համար մեր վիրաւոր ժողովուրդին։ Եւ այսպէս մեծ թիւով տուներ՝ Խալիլ Պատաուիի, Նոր Հաճընի, Մար Մխայէլի, Ժաահթաուիի, Ժըմմէյզէի եւ միւս աղէտեալ շրջաններուն մէջ վերանորոգուեցան: Միեւնոյն ժամանակ, գործակցաբար մեր արենոյշներուն հետ, աղջիկներուն խումբը սկսաւ ամէնօրեայ «պնակ մը տաք կերակուր» ծրագիրը առաջ տանիլ, որովհետեւ մեծ թիւով հայրենակիցներ մնացած էին առանց տան, հետեւաբար նաեւ չունէին պնակ մը ճաշ պատրաստելու յարմարութիւնները։ Իսկ 2019-ի դեկեմբերէն սկսեալ մինչեւ երկու ամիս առաջ, այսինքն շուրջ երկուքուկէս տարի, մօտաւորապէս 1200 ընտանիք ամսական դրութեամբ պարէնային կանոնաւոր օգնութիւն կը ստանային:

 

-Դուք կը յուսայի՞ք, որ այդ երիտասարդները այս «կրակէ մկրտութիւն»էն յաջողութեամբ դուրս գան։

Այո՛, ես գիտէի, նկատի ունենալով, որ ես տարիներու սկաուտապետ եղած եմ եւ կը ճանչնամ զիրենք, լաւապէս գիտէի, որ մեր երիտասարդները մեծ նուիրումով առաջ պիտի տանին իրենց ուսերուն դրուած առաքելութիւնը։ Անշուշտ այս գործին հետ մէկտեղ մեր երիտասարդները նոր աշխուժութեամբ շարունակեցին միւս գործունէութիւնները եւ նուիրումով առաջ տարին մեր պարախումբի, թատերախումբի եւ այլ մարմիններու գործունէութիւնը։ Այստեղ հարկ կը համարեմ նշել, որ ՀԲԸՄ-ը մասնաւորապէս Մերձաւոր Արեւելքի համար նշանակեց նոր համակարգող պատասխանատու, յանձինս՝ Արին Ղազարեանը, որ պիտի վերահսկէ ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր աշխատանքներու վրայ եօթ երկիրներու՝ Սուրիոյ, Յորդանանի, Իրաքի, Լիբանանի, Եգիպտոսի, Կիպրոսի եւ Յունաստանի մէջ։

 

-Տարաբնոյթ բաներ կը լսենք Պէյրութի մասին: Բարեգործականը քաղաքական կառոյց մը չէ, բայց դուք նաեւ հանրային կեանքի մէջ էք, կը գործէք եւ մեր ժողովուրդի կողքին էք: Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք Լիբանանի հայութեան ապագան:

Լիբանանը այս ժամանակներուն օրը օրին կ՚ապրի եւ ապագան մութ է: Բայց մենք կանք, պիտի մնանք ու գոյատեւենք: Պէտք է բոլորս ձեռք ձեռքի տանք, որպէսզի հայութիւնը անսասան մնայ, բոլորս անխտիր, Բարեգործականը, կուսակցութիւնները, համայնքները՝ կաթողիկէ, աւետարանական, առաքելական, ամէն մարդ: Իբրեւ սփիւռք տակաւին պէտք է խօսք ունենանք բոլոր գաղութներուն մէջ ի նպաստ հայրենիքին: Իսկ իբրեւ Լիբանան, պիտի շարունակենք մեր գործունէութիւնը: Անշուշտ մտահոգ ենք, բայց տակաւին լաւատեսութիւն ներշնչող յոյսեր ունինք։ Իմ սկզբունքներէս մէկն է՝ պէտք չէ տեղի տալ։ Դժբախտաբար գէշ օրերու մէջ ենք, բայց այդ գէշ օրերուն մէջ իսկ, կրնայ ըլլալ ուրիշ որեւէ գաղութէ աւելի բոլոր միութիւնները աւելի լաւ աշխատանք կը տանին իրենց սկաուտական, մարզական, մշակութային ներկայութեամբ, ասիկա փաստ է, որ լիբանանահայը միշտ կը փորձէ յոյսով ապրիլ, միշտ կը փորձէ գոյատեւել: Բոլորս ձեռքի ձեռքի կու տանք, որպէսզի միշտ աւելի լաւին տենչանք։

 

-Երբ Պէյրութ վերադառնաք, ի՞նչ պատգամ կը տանիք Երեւանէն: Այս կարճ միջոցին այցելեցիք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, տարբեր բնոյթի աշխատանքներու մէջ եղաք, շփումներ ունեցաք, ի՞նչ տպաւորութեամբ պիտի վերադառնաք։

Անշուշտ, բոլորս մտահոգ ենք Հայաստանով: Սփիւռքը մեծ դեր ունի կատարելիք ընդհանուր մամուլի՝ մետիայի մէջ, գոնէ մենք կրնանք մամուլի մէջ աշխատանք տանիլ, ձայն բարձրացնել։ Կայ նաեւ վերջին տարիներուն Լիբանանէն, Սուրիայէն կամ Մերձաւոր Արեւելքի այլ երկիրներէն Հայաստան հաստատուած երիտասարդներուն հարցը։ Կը կարծեմ, որ յառաջիկային այդ առումով ալ կարեւոր աշխատանքներ ունինք կատարելիք։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս