Այս այն վէրքն է ձախ սրունքին
որ ռուսերէն կը կոտտայ
Այս այն խոցն է աջ ոտքի
որ անգլերէն կը տնգայ
Ֆրանսերէն կը պրկուի աջ բազուկը ցաւատանջ
Սպաներէն կը գալարուի ձախ թեւն ամբողջ կարկամած
Ու թրքերէն
արաբերէն
գերմաներէն
հոլանտերէն պատռուածքներ ճմլումներ
Կը բորբոքին կը կսկծան կ'արիւնին
Մարմնին վրայ
Ապողոնի արձանի պէս
Կարծես կոփուած մարմարիոնէ լուսաթափանց սրբատաշ
Ամէն երակն ամէն նեարդն ամէն մկանն հանճարաշէն նրբագեղ
մինչեւ մազին առիւծաբաշ
աղուամազին յետին թելն իսկ ոսկեցոլ
Արարչութեան գլուխ գործոց մ'իրական-
Սակայն հիւանդ
Ամէն կողմէ ծեծուած խոցուած վիրաւոր...
Եւ սակայն
Ոտքի՛, կանգո՛ւն
Հերակլէսի արձանի պէս
Զինք տակաւին խայթել խածնել հետամտող
Մժեղներուն գոռեխներուն զեռուններուն եւ այլոց դէմ
արհամարհոտ ու հպարտ
Ճակատ տուած, կուրծքը բացած
Ազատափայլ արեգակին նորածագ
Երեք հազար տարիներով ազնուացած բջիջներու, արիւնի
Եւ լեռներու սալին վրայ ամրակոփուած ոսկորներու, հոգիի
Վսեմագոյն զօրութեամբ
Հաստատ քայլով պիտի երթայ
Պիտի մտնէ
Տասնըվեց դար տասնըեօթ դար
ոսկենշոյլ ու խնկահամ ջուր կուտակած
Աւազանը ամենաբոյժ կենարան:
11.6.1995 Զարեհ Խրախունի