Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, օրերս, տեղի ունեցած է Հայկական 4-րդ մշակութային փառատօնը։
Յաջորդ օր, 24 Ապրիլին, Վարշաւայի հանրապարտէզին մէջ տեղադրուած խաչքարին մօտ տեղի ունեցաւ 1915ի նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւն, Վարշաւայի պահակազօրքի զինուորներու մասնակցութեամբ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
23 Ապրիլին, Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական 4-րդ մշակութային փառատօնը։ Փառատօնը կազմակերպուած էր հայ-լեհական հասարակական յանձնախումբի նախագահ Հրաչեայ Պօյաճեանի նախաձեռնութեամբ, Լեհաստանի Ներքին Գործոց Նախարարութեան, Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութեան, Լեհ-հայկական հիմնադրամի միատեղ գանձատրումով, Լեհաստանի մէջ հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ սփիւռքի գործոց յանձնակատարի աջակցութեամբ։
Հանդիսութեան հովանաւորն էր Հայաստանի դեսպանութիւնը. ելոյթներով հանդէս եկան դեսպան Ալեքսանդր Արզումանեան եւ Հրաչեայ Պօյաճեան։ Ներկայ էին Հայց. եկեղեցւոյ առաջնորդ, Մարկոս Եպս. Յովհաննիսեան, հոգեւոր հովիւ Մինաս Աբղ. Հախվէրտեան, Լեհաստանի Գիտութեան եւ բարձրագոյն կրթութեան փոխնախարար Անճէյ Շեփթիցքի, հայ-լեհական խորհրդարանական բարեկամական խումբի ներկայացուցիչներ։
Համերգի ընթացքին հնչեցին հայ եւ լեհ մեծանուն վարպետներու ստեղծագործութիւններ՝ երգահան Գրիգոր Առաքելեանի ղեկավարութեամբ, «Ռեզոնանս գոն թութթի» երգչախումբի, «Սիլեզեան սենեկային նուագախումբ»-ի կատարողութեամբ։
Յաջորդ օր, 24 Ապրիլին, Վարշաւայի հանրապարտէզին մէջ տեղադրուած խաչքարին մօտ տեղի ունեցաւ 1915ի նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւն, Վարշաւայի պահակազօրքի զինուորներու մասնակցութեամբ։
Կատարուեցաւ բարեխօսական կարգ, Լեհաստանի մէջ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մինաս Աբղ. Հախվէրտեանի եւ Լեհաստանի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ ծայրագոյն վարդապետ Յուզէֆ Նաումովիչի կողմէ։