Յարգանքը հազար ձեւ ունի: Ձեւերէն մէկն ալ յետ-մահու յարգանքն է անոնց, որոնք ամբողջ կեանք մը նուիրած են իրենց ժողովուրդին, անոր արդար դատին ու պայքարին: Յոգնած են, վազվզած են, առողջութիւն սպառած են` իրենց ողջութեան մնալով շուքի եւ լուսանցքի մէջ:
Խօսքը խոնարհներուն մասին է, որոնք տարիներով լուռ ու մունջ ծառայած են` առանց օրին մէկը բեմերու վրայ կամ ձեռնարկներու առջեւի շարքերուն մէջ երեւելու: Յանձնախումբերու, վարչութիւններու եւ մարմիններու մէջ հսկայական գործ կատարած են` առանց անպայման ծափ ու գնահատանք ստանալու, միակ վարձատրութիւն ունենալով տեւաբար տալու, անմնացորդ նուիրուելու Դաշնակցական մարդու բարոյական գոհունակութիւնը:
Խօսքը այն խոնարհներուն մասին է, որոնք հաւատացած են, որ զոհողութիւնը, սեփական ժողովուրդին ծառայելու պատրաստակամութիւնը դաշնակցականի նկարագիր կերտելու մեծագոյն գաղտնիքն է: Ով որ կը յաջողի իր անձէն` եսէն, ժամանակէն ու քսակէն զոհելով ուրիշներուն` ժողովուրդին, համայնքին ու հայրենիքին ծառայել, տիրացած կ՛ըլլայ դաշնակցականի կարեւոր առաքինութիւններէն մէկուն:
Նիւթական միջոցները միշտ ալ կարեւոր են: Հեռատես ու առողջ ղեկավարութիւնը շատ աւելի անհրաժեշտ է, սակայն կուսակցութեան մը իսկական ուժը կը մնան զոհողութեան ոգիով գործող անոր համեստ անդամները, խոնարհները, որոնք սովորական անհատներէն վեր, նիւթականէն աւելի առաջնահերթ, անձնական շահերէն գերադաս կը նկատեն ընդհանուրին շահերը եւ մեծ խանդավառութեամբ կը լծուին անոնց հետապնդումին:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հարուստ է նմաններով: Ծանօթ-անծանօթներ են անոնք: Իրենց ողջութեան շրջապատը յաճախ չի նկատեր, թէ ինչպիսի՛ արժանիքներու տէր են անոնք, որովհետեւ անոնց գործը ստուերի մէջ կը ձգէ անոնց անձը: Անոնց անդարձ մեկնումէն ետք միայն մարդիկ կ՛անդրադառնան, թէ ինչպիսի՜ վաստակ կերտած են անոնք եւ որքա՜ն հետք ու դրոշմ ձգած են իրենց շրջապատին մէջ:
Դժուար է թուել նմաններու նկարագրային բոլոր բարեմասնութիւնները` համեստութենէն մինչեւ ազնուութիւն, պարկեշտութենէն մինչեւ ծառայասիրութիւն, կարգապահութենէն մինչեւ հնազանդութիւն եւ դեռ աւելին: Անոնց կեանքը իբրեւ դասագիրք կրնայ ծառայել մեզի, մինչ իրենք զոհաբերութեան մէկական օրինակներ կրնան ըլլալ յաջորդական սերունդներու համար:
Մեր ժողովուրդը գիտէ յարգել նմանները, մանաւանդ` հանդիսաւոր ձեռնարկներէ առաջ, երբ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան կը հրաւիրէ ներկաները` յիշելու եւ պատուելու իր արժանաւորները, որոնք անցեալին մեզի հետ էին, բայց այսօր չկան:
Վայրկեան մը յոտնկայս լռութեամբ մեր ժողովուրդը կը հաստատէ, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ներկային մէջ գործող հաւաքականութիւն մը չէ միայն: Ներկան ծնած է անցեալէն, ուր անթիւ նուիրեալներ գործած են նուիրումի կամքով եւ բոլորանուէր ծառայութեամբ:
Առանց այդ կամքին ու ծառայութեան, մեր կեանքը, այնպէս, ինչպէս որ է այսօր, գոյութիւն պիտի չունենար: Կամքի ու ծառայութեան այդ անձնազոհներն էին, համոզումի եւ գաղափարի երդուեալներն էին, որոնք անաղմուկ հաւաքական մեր յաջողութիւններն ու իրագործումները կերտեցին: Անոնք արժանի են միշտ յիշուելու, որպէսզի նորերը արդար հպարտութիւնը ապրին անոնց հարազատ ժառանգորդները ըլլալու: Անոնց գործը շարունակելու:
Վայրկեան մը յոտնկայս լռութիւնը թելադրանք է միաժամանակ` ազգային-կուսակցական մեր կեանքի կարեւոր առիթներուն, որեւէ աշխատանքի ձեռնարկելէ առաջ, միտքով ու հոգիով պահ մը ըլլալու անոնց հետ, որոնք իրենց սեփական օրինակով ուղեցոյց կը հանդիսանան մեզի: Ուժ եւ կորով կը ներշնչեն տկարութեան եւ փորձութեան մեր պահերուն: Վայրկեան մը լռութիւնը, այս պարագային, կրնայ բաւարար չըլլալ յիշելու անցեալի բոլոր դէմքերը, անոնք, զորս ճանչնալու պատիւը ունեցած ենք, եւ կամ անոնք, որոնց մասին լսած կամ կարդացած ենք պարզապէս:
Արժանաւոր մը յետմահու յարգել` կը նշանակէ հեղինակութիւն մը մեծարել ու արժեւորել: Կը նշանակէ մեծութիւն մը յարգելով` նախ ինքզինք յարգել: Յարգանքի այս արտայայտութիւնը արդիւնք է կուսակցական որոշ դաստիարակութեան, վարուելակերպի եւ կեցուածքի: Հետեւաբար, արժէք է ան:
Արժանաւորներու յարգանքը, անկասկած, յարգանք է նաեւ կուսակցութեան պատմութեան: Ուխտ եւ յանձնառութիւն է այդ պատմութեան տէր կանգնելու եւ անոր թաւալքին մասնակցելու, այնքան ատեն որ այդ պատմութիւնը կանգ առած չէ:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կեանքը այսօր ալ կը շարունակէ թաւալիլ նուիրեալներու զոհաբերութեամբ, մտքի եւ բազուկի հսկայական աշխատանքով, տարիներու փորձառութեամբ եւ այն խոր համոզումով, որ վայրկեան մը յոտնկայս լռութիւնը 132 տարուան կեանքի մը բազմամիլիոն վայրկեաններէն տարբեր վայրկեան մըն է, որովհետեւ ան իր մէջ կ՛ամրապնդէ հազարաւոր խոնարհներու քրտինքին ադամանդեայ խտացումը:
Մէկ վայրկեանը, այս պարագային, խոնարհներու երկար տասնամեակներու վրայ երկարած աշխատանքը կ՛ամփոփէ իր մէջ, յարգանքով ապրուած տասնամեակներ, յարգանքի՛ տասնամեակներ, արժանի` անպայման յոտնկայս յարգուելու ո՛չ թէ տարին մէկ անգամ, հանդիսաւոր ձեռնարկէ մը առաջ միայն, այլ տարին բազմաթիւ անգամներ` բազմաթիւ ձեռնարկներէ առաջ, իբրեւ յուշարար նման երախտաւորներու արժանի յաջորդները ըլլալու:
Ու նաեւ, իբրեւ թելադրանք, նմաններու յիշատակը վառ պահելու եւ անոնց օրինակով ընթանալու:
Վ. Աւագեան
Նիւթը՝ «Ազդակ»էն