Մեզի համար բանակի օրը նուիրական է։ Հնարաւոր չէ պատկերացնել մարդկային մարմին առանց դիմադրողականութեան, նոյնպէս ալ կարելի չէ պատկերացնել երկիր մը առանց բանակի, որ դիմադրողականութիւնն է ընդդէմ հողը սրբապղծող, խաղաղութիւնը վտանգող, ապահովութիւնը սպառնացող, արժանապատուութիւնը ոտնահարող, արժէքները արհամարհող եւ միասնութիւնը քայքայող խաւարային ուժերուն։
Հնարաւոր չէ պատկերացնել հաւատքի կեանք առանց հրեշտակներու պահպանութեան, նոյնպէս կարելի չէ պատկերացնել մեր երկիրը` Հայաստանը առանց մեր երկրաւոր հրեշտակներուն։ Ա'յո, դրախտային Հայաստանին երկրաւոր հրեշտակներն են մեր զինուորները։ Անոնք կը հսկեն խղճի մաքրութեամբ, իրենց նուիրական պարտականութիւնը կը կատարեն ուխտապահութեամբ։ Անոնց խօսուն եւ ճառագայթող ներկայութեան շնորհիւ բարոյական կորով կը զգանք։
Հայոց բանակի ուղին սրբաշող է արեան հետքերով, մշտադալար է նորահաս սերունդի պատուաբեր երթով եւ խաչի խորհուրդին բացայայտումն է անձնուրաց սխրանքներով։
Տօնն է բազմավաստակ զինուորին։
Կեանքի գարունը ընծայող հայորդիին, որ կը ձգտի նոր գարուններու աւետաբեր քարոզիչը ըլլալ։ Տօնն է հաւատարիմ զինուորին, որ Հայաստանի գերագոյն շահերը ամէն ինչէ վեր դասելով յանձն կ`առնէ մղել պայքար ի խնդիր մեր ներկային եւ գալիքին։
Երախտագիտական զգացումներ յայտնելու առիթ է այսօր, որպէսզի կարենանք մեր խաւարախիտ օրերուն տեսնել յոյսի նշոյլ, փրկութեան ելք եւ որոնել արժանապատիւ կեանքի պայծառ հորիզոններ։
Ուխտի վերանորոգման օր է այսօր, որպէսզի հոգեւոր ճշմարտութիւններու, բարոյական արժէքներու եւ ազգային իտէալներու նկատմամբ անտարբեր չմնանք, այլ` հայու ինքնութեան պահպանման համար մեր մասը եւ բաժինը բերելով լիիրաւ հայ ըլլանք բանիւ եւ գործով։
Հերոսացած հայ զինուորները իրենց պանծալի յիշատակով հոգեշահ դասեր կը փոխանցեն մեզի։ Ափսոսալու կամ ողբալու փոխարէն անոնք կը հրաւիրեն ապրիլ մաքուր խղճմտանքով, պայքարիլ սիրով, կեանքի վախճանը կնքել պատուով եւ հաստատ հաւատքով։
Վախճաններ կան, որոնք տխրահռչակ, խայտառակ եւ ամօթալի վերջաբանն են կեանքի։ Վախճաններ ալ կան, որոնք յուշարար են մարդավայել եւ աստուածահաճոյ կեանքի։ Այսպիսի վախճաններ իրենց մէջ կը խտացնեն հոգեգրաւ առաքինութիւններ։
Ուրեմն նահատակութեան պատուանունը ստացած հայ զինուորը սրբադրոշմ դասագիրք է առաքինի վարք ու բարքի։
Մեր սէրը վաւերական է երբ "Մենք" ի նկատմամբ կ`ունենանք հոգեհարազատ կապուածութիւն։
Մեր "Մենք"ը լիարժէք կերպով ազդու է երբ ունինք գործակցելու դրական տրամադրութիւն եւ բարիք սերմանելու կամեցողութիւն ։ "Ես"ը որպէս կուռք շատե՜րու հայեացքով եղած է խիստ ցանկալի եւ բուռն փափաքելի։ Եսապաշտութիւնը կարծրասրտութեան առաջնորդող մոլութիւն է եւ ազգակործան ախտ։ "Մենք"ի բացակայութեան հետեւանքով ընտանիքներ կը քայքայուին, յարաբերութիւններ կը խզուին եւ հաւաքական յիշողութենէն վերջնական կերպով կը ջնջուին միաբանութեան առաջնորդող խրատներն ու խորհուրդները։
Հայոց բանակի ծառայող մեր հայորդիները "Մենք" ի գաղափարախօսութեան մեկնաբանն են։
"Մենք" էն հրաժարիլ կը նշանակէ տկարանալ եւ "ես"ի նեղ շրջագիծին մէջ սահմանափակուիլ։
Հայոց բանակի օր լաւագոյնս արժեւորելու համար հաւաքաբար աղօթք մատուցենք առ Աստուած, որպէսզի մարդասէր Տէրը Իր հովանիին ներքեւ պահէ մեր "Երկրաւոր հրեշտակները"։
Թող հայ զինուորը ընդմիշտ վայելէ քաջառողջութիւն եւ արեւշատութիւն։
Հայոց բանակը արժանապատիւ կեանքի ուղեցոյցն է, ներկայ մարտահրաւէրները քաջութեամբ դիմագրաւելու երաշխիքն է եւ ակնկալուած արշալոյսի նախանշոյլն է։
Տօնդ շնորհաւոր հայ զինուոր։ Դուն ես աստուածապարգեւ մեր պահապան հրեշտակը եւ մեր գոյապայքարին զօրեղապէս նպաստողը։
Խորէն. Քհնյ. Պէրթիզլեան