Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան իր երկիրը կը ներքաշէ Սուրիոյ մէջ «վտանգաւոր արկածախնդրութիւններու» մէջ։ Այս մասին ան գրած է X ընկերային հարթակին վրայ։
«Էրտողան Թուրքիան Սուրիոյ մէջ վտանգաւոր արկածախնդրութիւններու նէջ կը ներքաշէ։ Իսրայէլ որեւէ մէկուն պիտի չարտօնէ սպառնալ իր անվտանգութեան»,– գրած է Քաց։
«Աւելի լաւ պիտի ըլլայ, որ Էրտողան Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս շարունակէ իրականութենէն կտրուած, երեւակայական հռետորաբանութիւնը Իսրայէլի դէմ, քան փորձէ ստուգել Իսրայէլի ինքնապաշտպանուելու վճռականութիւնը»,– աւելցուցած է ան։
Իր հերթին, Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու յայտարարած է, որ երկիրը պիտի չհանդուրժէ Սուրիոյ մէջ թրքական ռազմական ներկայութիւն, որ կը սպառնայ Իսրայէլին։
Օգոստոս 18-ին Իսրայէլ օդային հարուածներ հասցուցած էր Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ գտնուող ռազմական օդակայաններէն մէկուն։ Օգոստոսի 19-ին Նաթանիահուի գրասենեակը յայտարարած էր, որ Սուրիան մօտ եղած է անվտանգութեան ոլորտին մէջ Իսրայէլի հետ «սթաթուս քո»ի խախտման՝ թոյլ տալով թրքական զօրքերու տեղակայումը երկրի հիւսիսը գտնուող օդակայանին մէջ։