image

ԱՄԷ արտահանուած է 60 թոն հայկական ձուկ եւ ձկնամթերք

ԱՄԷ արտահանուած է 60 թոն հայկական ձուկ եւ ձկնամթերք

Սննդամթերքի անվտանգութեան տեսչական մարմնէն կը տեղեկացնեն, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ (ԱՄԷ) արտահանուած է 60 թոն ձուկ եւ ձկնամթերք։

«Հաշուի առնելով այդ երկրի շուկային մէջ առկայ մեծ պահանջարկը՝ Սննդամթերքի անվտանգութեան տեսչական մարմինը պիտի ապահովէ ձկնաբուծութեամբ եւ արտահանումով զբաղող բոլոր շահագրգիռ ընկերութիւններուն կապը ԱՄԷ արտահանող կազմակերպութեան հետ՝ հետագայ համագործակցութեան համար։

Պահանջուող խմբաքանակներն են՝ իշխան ձուկ՝ 4 քիլոկրամ եւ աւելի կշիռքով, որ պիտի համապատասխանէ սահմանուած անվտանգութեան պահանջներուն։

Եթէ ձեր ընկերութիւնը ունի նշուած կշիռքով խմբաքանակներ եւ պատրաստ է համագործակցելու արտահանող կազմակերպութեան հետ, կ՚առաջարկենք կապ հաստատել Սննդամթերքի անվտանգութեան տեսչական մարմնին հետ (կապի անձ՝ Արթուր Մամիկոնեան, ելեկտրոնային հասցէ՝ artur.mamikonyan@ssfs.am, հեռ.՝ 015404040-220)»։