image

Վարուժը

Վարուժը

Հերոս դառնալու եւ անմահանալու չափանիշները մեր ազգին մէջ քիչ մը տարբեր են տրամաբանականէն. մեր մօտ հերոսութիւնը պայմանաւորուած է մահով. հաւանաբար երկու երիտասարդ մասնակից դառնան պատերազմի. անոնցմէ մին մեծամեծ գործեր կը կատարէ, սակայն կը յաջողի իր կեանքը փրկել, սակայն երկրորդը առանց բան մը կատարած ըլլալու հակառակորդին զոհ դառնայ եւ հերոսանայ, մինչ իսկական հերոսը արժանանայ անփթութեան:

 

Ու այս անարդարութեան դիմաց յաճախ հարց տուած եմ, թէ հերոս դառնալու համար պայմա՞ն է թշնամիին գնդակին արժանանալ: Եթէ ոչ, ապա հերոս մըն էր նաեւ Վարուժը՝ որ կիրակի, 7 մայիս 2023 թուականին անժամանակ հեռացաւ կեանքէն: Վարուժը մէկն էր այն հայրենասէրներէն, որ կեանք մը ամբողջ կը շնչեն ու կ՚ապրին հայրենիքով եւ հայրենիքին համար եւ ամէն բանէ վեր ու առաջնահերթ կը նկատեն անոր արժէքները եւ կը պայքարին իրականացած տեսնելու համար խաղաղ ու զօրաւոր հայրենիքի մը գոյութիւնը:

 

Ինչպէ՞ս կարելի է պատմութեան էջերուն մէջ չհերոսացնել Վարուժը, որ հակառակ իր հիւանդութիւններուն, ցաւերուն ու կոտտանքներուն՝ մասնակից կը դառնար Արցախի մարտերուն, ամէն գնով կը պաշտպանէր իր հայկական գիւղը՝ որուն աւագանի անդամներէն մին էր նաեւ ի՛նք: Իր գոյութեամբ փաստ մըն էր ան, որ մարդկային թերութիւնները ո՛չ թէ մարդոց մարմնական տկարութեան, այլ մարդոց ուղեղներուն եւ գաղափարներուն մէջ է պարզապէս, որովհետեւ մարմնական հիւանդութիւններ ունեցող Վարուժը աւելի կատարեալ էր իր հայրենասիրութեամբ, քան անոնք՝ որոնք մարմնական թերացում չունենալով իրենց օրերը Երեւանի մէջ խնջոյքներու մասնակցելով կը մսխէին:

 

Կարելի՞ բան էր խօսիլ Վարուժին հետ՝ առանց հայրենիքի մասին խօսելու. կարելի՞ բան էր չզգալ այն հայրենասիրութիւնը՝ որ իր էութեան ու հոգիին մաս կը կազմէր, հայրենիքը աստուածացնելու աստիճան: Ո՞վ կրնար երբեւէ կասկածիլ, որ Վարուժը հակառակ իր անառողջ վիճակին պատրաստ էր տալ եղածը նոյնիսկ, որ իր կարծիքով աւելի թանկ չէր քան հայրենիքը:

 

Վարուժը կեանքէն հեռացնողը իր հիւանդութիւնները եղա՞ն, թէ ոչ հայրենիքի վերջին մի քանի տարիներու դժբախտ վիճակը՝ երբեք պիտի չգիտնանք, սակայն պաշտելի գիւղին յանձնումը հակառակորդին մահացու հիւանդութեան համազօր էր:

 

Հակառակ իր հիւանդութիւններուն, Վարուժը պատրաստ էր ամէ՛ն բանի. անունը Վարուժանէն փոխած էր Պայքարի եւ իրապէս պատրաստ էր պայքարելու, մանաւանդ երբ խնդիրը կը վերաբերէր հայրենիքին, գիւղին ու հայութեան: Հակառակ իր ցաւերուն ու քայլելու անկարողութեան, Վարուժ ներկայութիւն էր թէ՛ գիւղապետարանին եւ թէ գիւղին պատկանող դպրոցին մէջ. աւելին՝ պաշտօնի տէր էր արդէն. ո՞վ կրնար կասկած ունենալ, որ տկար մարմնի մը վրայ հաստատուած փայլուն ուղեղէ մը կրնայ լուծում չստանալ համակարգչային եւ արդի արհեստագիտութեան հետ կապուած հարցեր, որոնք միշտ ալ լուծում կը գտնէին իր տկար մատներուն տակ:

 

Ցեղասպանութեան զոհերէն տարբեր կեանք մը չէր Վարուժինը. տեսաւ պատերազմ, պայքար ու ճակատամարտ. տեսաւ մտերիմ բարեկամներու մահն ու նահատակութիւնը. տեսաւ տեղահանութիւն եւ իր մորթին վրայ զգաց թափառական ըլլալու կսկիծը. քանի քանի անգամներ ապրեցաւ ցաւը սեփական տունը լքելու եւ թշնամիին յանձնելու. իր տունը նկատած հայրենիքին մէջ անտուն մը դառնալու ցաւը ի՛նք գիտէր միայն:

 

Շատախօս մըն էր Վարուժ, սակայն ա՛յն շատախօսներէն, որոնց լռելը չես ուզեր երբեք, որովհետեւ հակառակ դժգոհանքին, անոր ձայնին մէջ կար չյուսահատուող մարդու շունչ մը, որ իր պայքարի ոգիին հետ խառնուելով լաւատես հորիզոններ կը փոխադրէ լսողը. եթէ մեր ազգը ունենար բազմաթի՜ւ Վարուժներ՝ թէեւ մարմնական ցաւերով ու թերութիւններով, այսօր ամբողջութեամբ տարբեր կ՚ըլլար մեր ազգի ճակատագիրը, որովհետեւ իսկական քաջութիւնը հոգիէն սկիզբ կ՚առնէ եւ Վարուժի հոգին աւելիո՜վ տէր էր այդ քաջութեան:

 

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ճամբով կը փորձենք պատմութեան յանձնել Վարուժը՝ վստահ ըլլալով, որ մարդկային տկարութեան համաձայն Վարուժը եւ Վարուժի նմանները պիտի մոռցուին եւ երբեք հերոս չնկատուին, որովհետեւ հերոսութիւնը մահով պայմանաւորուած երեւոյթ մըն է դժբախտաբար...:

 

Վարուժն ու Վարուժները յիշուելու կամ մեծարուելու երազով չեն ապրած երբեք ու վստահ եմ, թէ անոնք նոյնիսկ ցանկութիւնն ու պատրաստակամութիւնը ունին մոռացութեան տրուելու՝ պայմանով որ մոռացութեան չտրուի անոնց երազները, անոնց պայքարի նպատակն ու բաղձանքները: Թող մոռցուին Վարուժները, սակայն ազգ մը ամբողջ թող վարակուի անոնց հայրենասիրութեան շունչով, որովհետեւ այդ շունչն է մեր փրկութիւնը:

 

Անոնք անժամանակ կը մեկնին, իրենց ետին ձգելով անկատար երազներ՝ որոնք ժառանգն են իւրաքանչիւր հայուն:

 

 

 Հրայր Տաղլեան 

 «Ժամանակ»/Պոլիս

Հրայր Տաղլեան

Հրայր Տաղլեան

Ծնած է Պէյրութ-Լիբանան, 8 Փետրուար 1992-ին: Ա...