image

Վարդուկ Տատիկները...

Վարդուկ  Տատիկները...

Հինգշաբթի գիշեր մօրս հետ որոշեցինք ընթրիքը տունէն դուրս կատարել. գացինք Երեւանի հացատուներէն մէկը: Ընթրելու ընթացքին սեղան մօտեցաւ 90-ը անց ծերուկ մը. ցուրտէն ընկճուած ու մրսած: Մօտեցաւ եւ ձեռքին տրցակ մը գրիչներ ցոյց տալով խնդրեց հատ մը գրիչ վերցնել հայաստանեան 100 դրամի փոխարէն, որով հաց մը անգամ կարելի չէ գնել այս օրերուն: Մէկ կողմ դրած նախկիններն ու ներկաներու անմիտ կռիւը, անգամ մը եւս իշխանութիւններու ձախողութիւնը փաստեցի, որովհետեւ 90-ը անց մայրիկ մը որքա՜ն անկարող կացութեան մէջ պիտի ըլլայ, որ ձմրան այս ցուրտերուն տրցակ մը գրիչ ձեռքին փողոց փողոց շրջի ու փորձէ վաճառել զանոնք՝ գոյատեւել կարենալու համար։

 

 

Իշխանութեան մը յաջողութեան եւ կամ ձախողութեան ընդհանուր չափանիշը ի՞նչ է չե՛մ գիտեր... սակայն վստահ եմ, որ ինծի համար այդ չափանիշը մարդն է ու այնքան ժամանակ որ մարդիկ աղքատութեամբ ու պետութիւնը հարստութեան մէջ կ'ապրի, այդ իշխանութիւնը ի սկզբանէ անյաջող է: Անյաջող իշխանութիւններ այդ չափանիշը ճանապարհաշինութեան մէջ գտնել կը փորձեն, որպէս երկիրի զարգացում կ'ուզեն ցոյց տալ տնտեսական տագնապէն օգտուող զբօսաշրջիկները. ցոյց կու տան հազար ու մէկ բան, մոռնալով ամենէն կարեւորը՝ քաղաքացին: 

Հինգշաբթի գիշեր մօրս հետ որոշեցինք ընթրիքը տունէն դուրս կատարել. գացինք Երեւանի հացատուներէն մէկը: Ընթրելու ընթացքին սեղան մօտեցաւ 90-ը անց ծերուկ մը. ցուրտէն ընկճուած ու մրսած: Մօտեցաւ եւ ձեռքին տրցակ մը գրիչներ ցոյց տալով խնդրեց հատ մը գրիչ վերցնել հայաստանեան 100 դրամի փոխարէն, որով հաց մը անգամ կարելի չէ գնել այս օրերուն: Մէկ կողմ դրած նախկիններն ու ներկաներու անմիտ կռիւը, անգամ մը եւս իշխանութիւններու ձախողութիւնը փաստեցի, որովհետեւ 90-ը անց մայրիկ մը որքա՜ն անկարող կացութեան մէջ պիտի ըլլայ, որ ձմրան այս ցուրտերուն տրցակ մը գրիչ ձեռքին փողոց փողոց շրջի ու փորձէ վաճառել զանոնք՝ գոյատեւել կարենալու համար: 

Սեղանակից դարձուցինք Վարդուկ Տատիկը. տարիքը չէր գիտեր. « 1929-ի ծնունդ եմ, ա՛լ դուն հաշուէ տղաս» ըսաւ: Տարիքէն առաջ միտքէս անցաւ այն գաղափարը որ ապրող պատմութիւն մըն է մեր քով նստողը, որ համաշխարհային Բ. պատերազմին պէտք է որ 15-16 տարեկան պատանի մը եղած ըլլար. ապրող պատմութիւն՝ որ հաւանաբար կենդանի աչքերով տեսած ըլլար Աւետիս Ահարոնեանը, Չարենցը, Պարոյր Սեւակը, Դերենիկ Տէմիրճեանը եւ ուրիշներ. Ապրող պատմութիւն մը՝ որ հաւանաբար տեսած ըլլար ԺԱՄԱՆԱԿի «Հայկական Անցեալէն Պատմութեան մէջ այսօր»ի տակ ներկայացուող մեծերէն շատեր: 

Սակայն կը սքանչանամ հայու ա՛յն տեսակին վրայ, որ ամէ՛ն պարագայի բարձր կը պահէ իր արժանապատուութիւնն ու խրոխտ հոգին. առաջին հերթին ինք մուրացկան մը չէր. բոլոր անոնք որոնք դրամ կու տային եւ կը մերժէին գրիչ վերցնել կը մերժէր դրամը վերցնել. իր ըրածը ողորմութեան խնդրանք մը չէր. Ինք առեւտուր կը կատարէր, շատ անգամ մէկ գրիչի փոխարէն տալով երկու գրիչ: Տրուած դրամի դիմաց չվերցուած գրիչը վիրաւորանք էր անոր համար. ցաւ ի սիրտ Վարդուկ Տատիկէն շա՜տ աւելի լաւ վիճակի մէջ գտնուող մեր հայորդիներ կը սիրեն օտարներուն դիմաց նուաստացնել իրենք զիրենք, միաժամանակ հազարումէկ խօսքերով նուաստացնելով նաեւ ազգն ու պետութիւնը: Աղքատութիւնը ամօթ բան մը չէ. այդ մէկը շատ անգամ մարդու կամքէն անկախ իրողութիւն մըն է, սակայն մեծ է տարբերութիւնը աղքատութեան եւ մուրացկանութեան, որովհետեւ շատ մը աղքատներ արժանապատուութեամբ աւելի հարուստ են՝ քան նիւթապէս իրենցմէ աւելի բարձր մակարդակի վրայ գտնուողները: 

Վարդուկ Տատիկի այս խօսքերուն մէջէն այդ արժանապատուութեան մեծութիւնը զգալի էր. «եթէ այս տարիքիս ես տունը մնամ կը ճահճանամ, կը քարանամ. այդ մէկը պատճառ կ'ըլլայ որ դուրս գամ, շարժիմ ու քալեմ: Տունը մնամ ի՞նչ ընեմ. եթէ դուրս չելլեմ քալելու սովորութիւնն ալ կը կորսնցնեմ ու անկողնային կը դառնամ. ո՞վ կը նայի ինծի այդ ժամանակ...»: Կասկածէ վեր էր անոր նիւթական անկարողութիւնը, սակայն արժանապատուութիւնը կը ստիպէր այդ մէկը կապել առողջական խնդիրներու՝ քան նիւթական, որովհետեւ Տատիկը իրապէս այն մարդոցմէ էր որ թէեւ նիւթապէս աղքատ, հոգեպէս շա՜տ աւելի հարուստ էր քան ուրիշներ: Առողջապահական ի՜նչ խնդիր ալ որ ունենար, ո՞վ այդ ցուրտին յանձն կ'առնէր դուրս գալ գրիչ վաճառելու քան այն մարդը, որուն ապրուստը կախեալ է անոնց վաճառքէն: 

Ամիսներ առաջ գտնուեցան մարդիկ, որ ինչո՞ւ համար կ'ընդդիմանամ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան $200,000 ամերիկեան տոլարի գնած նոր մեքենային համար. պատճառը Վարդուկ Տատիկն ու անոր նման Հայաստանէն ներս ապրող հազարաւորներն են. անոնք $0.2 արժող գրիչի մը վաճառքով կը փորձեն ապահովել իրենց գոյութիւնը, մինչ իշխանութիւնը պետութեան հաշւոյն $200,000 տոլար արժողութեամբ մեքենաներով քաղաքի փողոցները կը շրջի: Պէտք է գիտակցիլ, որ հազարաւոր աղքատներու մէջէն 20-30 աղքատներու նպաստ յատկացնել չի՛ նշանակեր աղքատութիւնը վերացնել երկրէն: Հետեւեցէ՛ք իշխանութեան ունեցած ելոյթներուն. շատ անգամ իրենց կատարած նպաստներու համար այնպէ՜ս կը խօսին, կարծէք զոհողութիւն կամ ողորմութիւն կատարած ըլլան. ամէ՛ն իշխանութիւն կը մոռնայ, որ այդ մէկը ո՛չ թէ շնորհք, այլ պարտաւորութիւն է որ կը կատարեն, որուն համար գնահատանք ակնկալելու իրաւունքը անգամ չունին, որովհետեւ իրենք այդ պաշտօնը կոչուած են այդ բոլորը կատարելու: 

Վարդուկ Տատիկէն աւելի քան 25-30 տարեկան պակաս կիներ ու այրեր Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ այլ երկիրներու մէջ իրենց ծերութեան խաղաղութիւնն է որ կը վայելեն. կեանքի հոգերէն թեթեւցած իրենց առօրեան կը փորձեն ծրագրել: Մեր երկրին մէջ Վարդուկ Տատիկի նման բազմաթիւնե՜ր կան, որոնք օր մը աննշան օրէն պիտի իյնան փողոցի մէկ անկիւնը եւ անձայն հեռանան, իսկ մենք անդին բան մը չեղածի հոգեբանութեամբ մեր կեանքը պիտի շարունակենք...: 

Հրայր Տաղլեան

Հրայր Տաղլեան

Հրայր Տաղլեան

Ծնած է Պէյրութ-Լիբանան, 8 Փետրուար 1992-ին: Ա...