image

Սիտնիի մէջ մահացած է ՀՅԴ նուիրեալ անդամներէն՝ Արա Վարդուկեան

Սիտնիի մէջ մահացած է ՀՅԴ նուիրեալ անդամներէն՝ Արա Վարդուկեան

Օրերս Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքած է Աւստրալիոյ հայկական համայնքի յարգուած անդամներէն, ՀՅԴ նուիրեալ գործիչ՝ Արա Վարդուկեան։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Սիտնիի մէջ գործող «Արմենիա Մետիա» հարթակէն, որ այս մասին ալ կատարած է հակիրճ լրատւութիւն մը։

Ստորեւ մահագրութիւնը՝

Ուրբաթ 12 Ապրիլ 2024-ին կէսօրէ ետք Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքեց ՀՅԴաշնակցութեան նուիրեալ ընկեր վաստակաշատ Համազգայնական Արա Վարդուկեանը:

«Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան» խնամակալ կազմն ու խմբագրական անձնակազմը իրենց խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալին հարազատներուն եւ Աւստրալահայ գաղութին:

Հանգուցեալին թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ 19 Ապրիլ 2024-ին Առաւօտեան ժամը 10:00-ին Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ: Թաղման կարգը պիտի կատարուի Macquarie Park գերզեմանտան մէջ: