image

Վարչապետը յանձնարարական տուած է

Վարչապետը յանձնարարական տուած է

«Նախարարներին յանձնարարւում է Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի հետ համագործակցելով ուսումնասիրել եւ եռամսեայ ժամկէտում ՀՀ կառավարութեան աշխատակազմին ներկայացնել ՀՀ էներկեթիկ համակարգի մինչեւ 2036 թուականի զարգացման ծրագրում անհրաժեշտ փոփոխութիւններ կատարելու առաջարկութիւն»,-ըսած է վարչապետը:

Վարչապետը նաեւ յայտնած է, որ յանձնարարականի նպատակն է նուազագոյն գինով ելեկտրաուժանիւթի արտադրութիւնը եւ կարեւորել տարածաշրջանային երկիրներու հետ բանակցութիւններու աշխուժացումը եւ ներքին հնարաւորութիւններու օգտագործումը:

«Հաշուի առնելով ՀՀ տնտեսութեան զարգացման միտումները, համաշխարհային շուկայում վառելիքի փոփոխութեան տենդենցները, դէպի Իրան եւ Վրաստան ելեկտրահաղորդման նոր ուղղութիւնների կառուցումն ու էներկեթիկ հարթակում իրականացուող լայնածաւալ ներդրումները եւ այլ հարցեր՝ պէտք է ունենալ յստակ ծրագիր, թէ ինչի կարիք ունենք մենք»,-ըսած է վարչապետը: