Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան նամակով դիմած է 61 միջազգային օդանաւային ընկերութիւններու՝ հայաստանեան շուկային մէջ գործունէութիւն ծաւալելու առաջարկով: Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ամփոփելով նոր կառավարութեան 100 օրուան գործունէութիւնը, ան այս մասին յայտարարած է:
«Այդ ընկերութիւններից հինգն արդէն արձագանգել են, սպասում ենք նրանց այցին՝ բանակցութիւններ սկսելու նպատակով», տեղեկացուցած է վարչապետը: Կառավարութեան ղեկավարը աւելցուցած է, որ արդէն իսկ երկու օդանաւային ընկերութիւն՝ ռուսական եւ պելճիքական, ստորագրած են հայկական շուկայ մուտք գործելու պայմանագիր:
Խօսելով տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի զարգացման մասին՝ Կարէն Կարապետեան ըսած է, որ 16 Յունուարին իր հովանաւորութեամբ տեղի պիտի ունենայ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ մեծ խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին ոլորտի զարգացման ծրագիրն ու կառավարութեան առնելիք քայլերը: