image

Ատրպէյճանեան AZAL օդանաւային ընկերութիւնը դադրեցուցած է թռիչքները դէպի Ռուսիոյ 7 քաղաքներ

Ատրպէյճանեան AZAL օդանաւային ընկերութիւնը դադրեցուցած է թռիչքները դէպի Ռուսիոյ 7 քաղաքներ

«Azerbaijan Airlines» (AZAL) ընկերութիւնը դադրեցուցած է թռիչքները Ռուսիոյ որոշ քաղաքներ՝ Սոչի, Վոլկոկրատ, Ուֆա, Սամարա, Կրոզնի, Մախաչքալա եւ Մինվոտի։

Աւելի վաղ Պաքուէն Մինվոտի թռչող «AZAL» ընկերութեան օդանաւը վերադարձած էր մեկնման օդակայան՝ Մախաչքալայի օդային տարածքի փակման պատճառով։

Նշուած է, որ Ատրպէյճանի օդագնացութեան պետական ​​գործակալութեան որոշմամբ, հաշուի առնելով Embraer -190 օդանաւու կործանման նախնական հետաքննութեան արդիւնքները եւ թռիչքներու անվտանգութեան հնարաւոր վտանգները, «AZAL»-ը դեկտեմբեր 28–էն պիտի դադրեցնէ թռիչքները Պաքուէն դէպի Ռուսիոյ որոշ օդակայաններ։

Միեւնոյն ժամանակ «Azerbaijan Airlines»-ը պիտի շարունակէ թռիչքներ իրականացնել դէպի Մոսկուա, Ս. Փեթերսպուրկ, Եկաթերինպուրկ, Ասթրախան, Քազան եւ Նովոսիպիրսք։