image

Վարակակիրներուն հետ ուղղակի կապ ունեցած մարդիկ պիտի մեկուսացուին. Նախարար Թորոսեան

Վարակակիրներուն հետ ուղղակի կապ ունեցած մարդիկ պիտի մեկուսացուին. Նախարար Թորոսեան

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը ֆեյսպուքյան ուղող միացումով, 11 մարտին, խօսեցաւ Հայաստանի մէջ «քորոնա» ժահրով վարակուած ՀՀ քաղաքացիներու առողջական դրութեան մասին։

«Անոնք ժամանման պահէն սկսած եղած են մեր հսկողութեան տակ։ Այդ ժամանակ չեն ունեցած գանգատներ, յետոյ սակայն՝ առաջացած են։ Գանգատներ առաջանալուն զուգընթաց անոնք տեղափոխուած են հիւանդանոց, ուր տեղի ունեցած է քննութիւն, յետոյ արդէն ունեցած ենք հաստատումը։

Անոնցմէ երկուքը իրենց առողջ կը զգան, չունին ոչ մէկ գանգատ, միայն մէկուն մօտ կայ փոքր աջակողմեան թոքաբորբ, որ պէտք է ախտանշանային բուժումէն ետք արագ անցնի։

Այս անձանց հետ շփուած, ուղիղ կապ ունեցող մարդոց մեկուսացումով կը զբաղուինք հիմա, անոնք շատ չեն։ Այս հիւանդներները կը համարուին բերովի դէպքեր։ Այսինքն՝ տեղային տարածում չունինք։ Իրավիճակը կը շարունակէ մնալ կառավարելի»։

Նշենք, որ աւելի վաղ Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած էր «քորոնա» ժահրի մէկ դէպք։ Այսպիսով՝ վարակուածներու ընդհանուր թիւը 4 է։