image

Տըհոքի մէջ. Յիշատակուած են «Ալ Ղոշ» շրջանի ծանր արկածին զոհ գացած մեր հայրենակիցները

Տըհոքի մէջ. Յիշատակուած են «Ալ Ղոշ» շրջանի  ծանր արկածին զոհ գացած մեր հայրենակիցները

Օրեր առաջ Տըհոքի  Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ  տեղի ունեցած է հոգեհանգստեան կարգ  քառասուն օր առաջ շրջանին մէջ եղած աղէտալի արկածին հետեւանքով մահացածներու յիշատակին։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Իրաքեան Քիւրտիստանի Տըհոք շրջանի  Ս.Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մասիս Աւագ Քահանայ Շահինեանի  գրառումէն։

 Տէր Հայրը մասնաւորապէս գրած էր՝

Տըհոքի Ս. Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցւոյ հարազատ զաւակներ։

Կը տեղեկացնենք, որ Սուրբ եւ անմահ Պատարագը եւ հանգստեան` Քառասնօրեայ աղօթքը պիտի մատուցուի հանգուցեալՍտեփան Աշոտ Ապտո Պետրոսեանի , Մէյի Մուլոտ Մըլքի-Պետրոսեան, Աշոտ Ապտո Պետրոսեանի, զաւակներուն Անելայի,Արեւի,Էլենայի, Հայաստանի եւ Միրոյի հոգիներուն համար։

Թող Բարձրեալն Աստուած  իր ողորմութիւնը շնորհէ եւ արժանացնէ անոնց բարի հոգիները երնային արքայութեան։

Յիշեցնենք, որ արկածը եղած էր անցեալ հոկտեմբերին, երբ Պետրոսեան ընտանիքի 11 անդամները Ալ Ղոշ աւանէն որոշած էին վերադառնալ դէպի իրենց բնակավայրը՝ Սեմեր շրջան։

 Անոնց ինքնաշարժը բախած էր մեծ բեռնակառքի մը, որուն հետեւանքով ինքնաշարժի մէջ եղող  մեր բոլոր հայրենակիցները կնքած էին իրենց մահկանացուն։

 

  Նշենք նաեւ, որ Իրաքեան Քիւրտիստանի Տհոք քաղաքի ծայրամասային հատուածին գտնուող եւ Սեմեր շրջանը Ալ Ղոշ աւանին կապող ճանապարհը , որ յայտնի է Ալ Ղոշի ճանապարհ անունով լքուած վիճակ մ՚ունի եւ այդ պատճառով ալ այնտեղ կը գրանցուին մահաբեր արկածներ, եւ այդ պատճառով ալ ան կոչուած է «Թարիք ալ մոթ» («Մահուան ճանապարհ»)։