image

Տուպայի մէջ. Կապանցի երեխաները մասնակից միջազգային մրցոյթի

 Տուպայի մէջ. Կապանցի երեխաները մասնակից  միջազգային մրցոյթի

Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութեան հովանաւորութեամբ՝ արտասահմանեան մրցոյթի Հայաստանէն եւս կարեւոր մասնակցութիւն մը կը դառնայ իրականութիւն: IQ Center Global Education  ուսումնական կեդրոններու ցանցի Կապանի խումբը ընկերութեան հովանաւորութեամբ պիտի մեկնի Տուպայ մասնակցելու Մտային Թուաբանութեան (mental math) 7-րդ HORUS միջազգային մրցոյթին: Կապանցի մանուկները մտային թուաբանութեան, զարգացած յիշողութեան եւ արագ մտածողութեան իրենց ունակութիւնները պիտի ցուցադրեն միջազգային ասպարէզով: 

Տեղեկացանք, որ 4 նոյեմբերին Տուպայ կայանալիք մրցոյթին պիտի մասնակցին տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներ, որոնք 10 վայրկեանի մէջ պէտք է լուծեն թուաբանական 160 առաջադրանք: Միջազգային այս մրցոյթի գլխաւոր հովանաւորն է Եգիպտական Al-Tarek Global կազմակերպութիւնը, որ  կ'աշխատի կրթական ծառայութիւններու ոլորտին մէջ՝ աջակցելով այն ընկերութիւններուն, որոնք  թուաբանական ոլորտներու ուղղութեամբ  կրթական եւ վերապատրաստման ծրագիրներ կ'իրականացնեն: 

Կարեւորելով նման միջազգային մրցոյթի հայայաստանեան ներկայութիւնն ու մասնակցութունը՝ Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու կապանցի երեխաներուն: Անոնք յոյս ունին, որ մրցոյթէն պիտի վերադառնան յաղթանակով: