Աշակերտները խորին շնորհակալութիւն յայտնեցին Համայնքապետ Վերապատուելիին՝ իր շարունակական հոգատարութեան, քաջալերանքին, հեռատես առաջնորդութեան եւ կրթութեան նկատմամբ ունեցած յանձնառութեան համար, որոնց շնորհիւ Բեթէլի աշակերտները հնարաւորութիւն ունեցան մասնակցելու այս նորարար եւ արդիական կրթական նախաձեռնութեան։
Ուրբաթ, 18 Յուլիս 2026-ին, AI Camp 2026-ի մասնակից Բեթէլի աշակերտները շնորհակալական այցելութիւն մը կատարեցին Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին։
Հանդիպումը անցաւ ջերմ, անկեղծ եւ ոգեւորիչ մթնոլորտի մէջ։ Աշակերտները ներկայացուցին ճամբարին ընթացքին իրենց ձեռք բերած գիտելիքները, իրականացուցած ծրագիրներն ու նոր հմտութիւնները, ինչպէս նաեւ բաժնեկցեցան իրենց փորձառութիւններով եւ տպաւորութիւններով։ Անոնք անդրադարձան արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ բացուող նոր հեռանկարներուն եւ այն հնարաւորութիւններուն, որոնց միջոցով այս գիտելիքները կրնան ծառայեցնել իրենց կրթութեան, համայնքին եւ հասարակութեան։
Աշակերտները խորին շնորհակալութիւն յայտնեցին Համայնքապետ Վերապատուելիին՝ իր շարունակական հոգատարութեան, քաջալերանքին, հեռատես առաջնորդութեան եւ կրթութեան նկատմամբ ունեցած յանձնառութեան համար, որոնց շնորհիւ Բեթէլի աշակերտները հնարաւորութիւն ունեցան մասնակցելու այս նորարար եւ արդիական կրթական նախաձեռնութեան։
Իրենց երախտագիտութիւնը արտայայտելով՝ անոնք վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը՝ շարունակելու սորվիլ, ստեղծագործել եւ իրենց ձեռք բերած գիտելիքներն ու կարողութիւնները ի սպաս դնել իրենց համայնքի եւ հայրենիքի զարգացման։

