Թուրքիա- Լիբանանահայ աշակերտուհի Ծովակ Քէօշկէրեանի դէպի Արարատ լերան գագաթը բարձրանալու արշաւը սկիզբ առաւ: «Արեւելք», որ մօտէն կը հետեւի Ծովակի քայլերուն անոր հետ նոյն առաքելութեան մէջ եղողներէն տեղեկացաւ, որ խումբը ապահով կերպով մագլցած է 3200 մեթր եւ այսօր հոն գիշերլէ ետք, վաղը առաւօտ պիտի շարունակէ իր արշւաը: Նշենք, որ վաղուան թիրախը 4200 մեթր հատելն է: Ծովակ Քէօշկէրեանի մանկութեան օրերու երազանքը եղած է հասնիլ Պիպլիական լերան գագաթը ( 5165 մեթր ): 13 Տարեկան ուսանողիին հիմնական քաջալերողը անոր յաճախած Սահակեան Լեւոն- Մկրտիչեան գոլթէճի տնօրէն ՝ Պրն. Նազօ Ճէրէճեանն է: Անոնք նաեւ նպատակ ունին այս արշաւով դրամահաւաք կայացել յօգուտ Լիբանանահայ վարժարանին: «Արեւելք» պիտի շարունակէ հետեւիլ Ծովակի խիզախ քայլերուն: