Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, օրերս, նշուած է Ս. Թարգմանչաց տօնը՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի, որ մատուցած է Ս. Պատարագը եւ տուած օրուան պատգամը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն։
Ստորեւ տրուած թղթակցութիւնը՝
Մեր Ս. Թարգմանիչ Վարդապետներու՝ Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետի տօնը նշուեցաւ, 10 Յուլիս 2025, Հինգշաբթի, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան հանդիսապետեց, պատարգեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։
Ներկայ էին Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան եւ Ղալաթիոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ Պատրիարքական Աթոռոյ ժառանգաւոր սաներ, իսկ երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպիրներու կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։
Տէրունական Աղօթքէն առաջ, Պատարագիչ Հայր Սուրբը քարոզեց՝ բնաբան ունենալով Թարգմանչաց սերունդին նուիրուած շարականի առաջին տողը՝ «Որք զարդարեցին տնօրինաբար զիմաստն անեղին»։ Հայր Սուրբը ըսաւ, որ Ս. Սահակն ու Ս. Մեսրոպը «տնօրինաբար աստուածային իմաստութիւնը զարդարեցին», ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Դ. դարու վերջին ու Ե. դարու սկիզբին Հայ ժողովուրդի վիճակին։
«Հայ եկեղեցականը իր ժողովուրդին՝ իր լեզուով Աւետարանը քարոզելու համար թարգմանութեան անհրաժեշտութեան տակ էր։ Աւելին, մեր նախնիները ունէին լեզու, ունէին մշակոյթ, սակայն կը պակսէր այս երկու կարեւոր աւանդները յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու ամենաահրաժեշտ գործօնը՝ գիրը։ Այս մասին սկսան աշխատիլ երկու նուիրեալներ՝ Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոս եւ Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետ։ Կաթողիկոսը հովանաւորեց ու քաջալերեց, իսկ Մեսրոպ Վարդապետ ոգի ի բռին աշխատեցաւ այս սրբազան գործին համար։ Անոնք կը գիտակցէին գործին կարեւորութեան, փափաքեցան, հաւատացին ու խնդրեցին Աստուծմէ, եւ ամէնէն կարեւորը՝ հաւատքով եւ հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու, առանց յուսահատութեան աշխատեցան։ Եւ Աստուած օրհնեց իրենց աշխատանքը եւ հրաշքով տեղի ունեցաւ Հայ գիրերու գիւտը», նշեց քարոզիչ վարդապետը։
Հայր Սուրբը ըսաւ, որ այս երկու սրբազան դէմքերը չբաւարարուեցան գիրերու գիւտով եւ շարունակեցին իրենց գործը երկու տարբեր ձեւերով. նոր գիրերը սորվեցուցին նախ աշակերտներուն, ապա ժողովուրդին։ Իսկ երկրորդ փուլը եղաւ թարգմանչական աշխատանքը, որ սկսաւ Աստուածաշունչ մատեանի թարգմանութեամբ։ Առաջին հայատառ նախադասութիւնը եղաւ Առակաց գիրքի առաջին նախադասութիւնը. «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ իմանալ զբանս հանճարոյ»։ Պատմիչը կ'ըսէ, որ Աստուած Հայ ժողովուրդին հետ սկսաւ հայերէն խօսիլ։ Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետ եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետ հաւատք ունէին, տեսիլք ունէին եւ աշխատանքի մարդ էին։ Այս երեք պայմանները ի մի եկան եւ մեր պատմութեան մեծագոյն դէպքերէն մէկուն ո՛չ միայն ծնունդ տուին, այլ ոսկեայ տառերով արձանագրեցին հայոց պատմութեան էջերուն մէջ՝ Հայ գիրերու գիւտը։
Քարոզի վերջին բաժնով Հայր Սուրբը նշեց. «Այս պատճառով, Հայ գիրերու գիւտը թէ կրօնական իւրայատուկ իրադարձութիւն էր եւ թէ ազգային։ Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնը Հայ գիրի ու գիրքի տօնն է, Հայ դպրութեան տօնն է, Հայ գիրի նուիրեալներու ու Հայ ուսուցչաց տօնն է։ Այսօր նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր», եւ հրաւիրեց բոլորը աղօթելու Նորին Ամենապատուութեան կենաց ու արեւշատութեան համար՝ Պատրիարքական մաղթերգի բառերով. «Շնորհազարդ պայծառացոյ գաւազան իշխանութեան Տէր Սահակ Պատրիարքին»»։
Հայր Յովակիմը քարոզը աւարտեց դիմելով Ս. Թարգմանիչ Վարդապետներու բարեխօսութեան եւ ըսաւ, որ նոյն ոգիով պէտք է գործենք ու պահենք մեզի աւանդուած այս սրբազան ժառանգը՝ Հայ գիրը, գրականութիւնը, մշակոյթը, մնալով հետեւորդը Հայ Եկեղեցւոյ երկու մեծանուն սպասաւորներուն՝ Ս. Թարգմանիչ Վարդապետներուն։
Կրօնական արարողութենէն ետք Ղալաթիոյ Եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական Վարժարանի Խնամակալութիւնը Եկեղեցւոյ Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի անուան սրահին մէջ սիրոյ սեղան մը սարքեց։