image

Ծնունդով Հալէպցի Սահակ Մասրեան զոհ՝ «Քորոնա»ի

Ծնունդով Հալէպցի Սահակ Մասրեան զոհ՝ «Քորոնա»ի

 Օրերս Արժանթինի մէջ «Քորոնա»ի զոհ գացած արմատներով Հալէպցի Սահակ Մասրեան։

 

 Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

 

 Սահակ Մասրեան ծնած էր Հալէպ 1963-ին : Յաճախած է Հայկազեան Վարժարան։Պատանի հասակին փոխադրուած է Պուէնոս Այրէս։

Հայապահպան ոգիով տոգորուած, ան հայկական օճախ կազմած է պէյրութահայ Վիգի Չիլինկիրեանին հետ: Բախտաւորուած են երկու զաւակով՝ Փօլին եւ Խաժակ։

Արհեստով ոսկերիչ, միշտ կենսունակ, ժպտադէմ, պատրաստ բոլորին օգնելու : Գաղութին մէջ բոլորին սէրն ու յարգանքը վայելած է իր դրական եւ յարգանօք կեցուածքով:

 Վերջին շաբաթներուն վարակուելէ ետք «Քորոնա»ով եւ ծանր պայքար տանելով այդ մահաբեր հիւանդութեան դէմ Սահակ կը փակէր իր աչքերը յաւերժին, խոր կսկիծի մատնելով իր հարազատները, բարեկամներն ու սիրելիները:

 

 Այս տխուր առթիւ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի հարազատներուն եւ մասնաւորապէս մեր թերթի բարեկամներէն՝ Տիկն. Մարալ Մասրեան Տէ Թորիկեանին։