image

Ծանրաքաշ քարերուն տակ

Ծանրաքաշ քարերուն տակ

Շուրջ մէկ շաբաթ առաջ, կանուխ առաւօտեան աղջիկս հեռաւոր Ամերիկայէն առաջինը իմացուց ինծի՝ պատահած աղէտալի երկրաշարժին մասին։ Թուրքիա եւ Սուրիա բախտակից եղան՝ բաժնելով այդ կործանիչ հարուածը, ներառեալ իմ երբեմնի հարազատ բնօրրանս՝ Հալէպ քաղաքը։

Առաջին ժամուն մանրամասն չիմացայ երկրաշարժին ուժգնութեան տարողութիւնը, սակայն սարսափազդու լուրերը չուշացան. համատարած փլատակներ եւ ահաւոր քանդում։ Փլած էր Հալէպի տանս կից, շքեղ եւ արտաքնապէս ամրակուռ շէնքը եւ այդ փլուզումի պահուն խլած՝ տասնամեակներու մօտիկ հարեւանուհիիս երիտասարդ աղջկան եւ անոր պատանի տղուն կեանքերը։

Շանթահարուած՝ ընձեռուած միջոցներով հետեւեցայ յաջորդող ժամերու լուրերուն։ Վստահաբար, թիւրիմացութիւն մը կար կամ անհեթեթ ապատեղեկատուութիւն մը… Անհաւատալի եւ անտեղի չար «կատակը» կը չարչարէր միտքս եւ կը վիրաւորէր հոգիս։ Սակայն, դժբախտաբար, այդ ծանրաքաշ քարերուն եւ փլատակներուն նման իրականութիւնը կը ճզմէր սիրտս՝ ապրած օրերուս պատճառելով ամենադառն ու ցաւոտ պահերէն մին։

Միրնան՝ ներքեւի քառասնամեայ հարեւանուհիիս դուստրն էր, զաւակներուս սերնդակիցը եւ ամէնօրեայ մեր բարեկամութեան ուրախ օղակներէն մին։ Մեր զոյգ ընտանիքները մտերմաբար կեանքի լուսաւոր ճանապարհ մը կտրած էին եւ բաժնած մեր բոլոր ուրախութիւններն ու կենցաղային մտահոգութիւնները։ Հայու նկարագրի հարազատ աւանդութեանց հաւատարիմ, միասնաբար գլորած էինք բարիդրացիութեան տարիները՝ վերոյիշեալ ջերմ կանոնագրով։ Մեր զաւակները, այնուհետեւ, յաճախեցին նոյն դպրոցները։ Մեծցան տարիներու քամակը նստած։ Իրենց ճանապարհները ընտրեցին, ընտանիքներ կազմեցին, քալելով բնական հուներով։

Վրայ հասաւ Սուրիոյ քանդիչ պատերազմը։ Սուրիահայ ողբերգական կեանքի առաջին արարը սկսած էր։ Ընտանիքներ կազմալուծուեցան, ցրուեցան աշխարհի տարբեր վայրեր՝ նոր կեանք մը հունաւորելու առաջադրանքով։ Այդ օրերուն Միրնան երեք զաւակներով տեղափոխուած էր նոր բնակարան։ Մեր տան հանդիպակաց շէնքի վերին յարկաբաժինը տեղակալուելով՝ կը դառնար յարակից բոլորիս՝ մօրը, մեզի եւ համայն թաղեցիներուն։ Պատերազմի սկզբնաւորութեան, Միրնան չուզեց լքել իր նոր տունը։ Կրնար բոլորին նման այլ վայրեր ընտրել՝ նոր կեանք մը սկսելու ի խնդիր։ Սակայն, ան իր լաւատեսի պայծառ բնաւորութեամբ, նախընտրեց մնալ իր գեղեցիկ տան մէջ։ Հոգիի խորքին ուժեղ հաւատքէն ներշնչուած՝ շարունակեց կեանքը Հալէպի մէջ։ Հաւատաց Հալէպի ապաքինման, յարութեան եւ խաղաղ գալիքին։ Եւ հակառակ Հալէպի կենցաղային դժուարութեանց, զաւակները կրթեց յառաջադէմ երկիրներու մակարդակին յարիր ուսումնական աստիճանով։ Միրնան կեանքը լիարժէքօրէն սիրող մըն էր՝ հաւատալով եւ վստահելով անոր դրական առատաձեռնութեան։ Սուրիական հայրենիքին ամենադժնդակ իսկ պահերուն միշտ լիայոյս էր, թէ պիտի վերադառնային անոր երբեմնի շէնշող օրերը։ Եւ այդ հաւատքէն մեկնած՝ ինքզինք նուիրեց ազգանուէր միութենական աշխատանքի։

Չարաբաստիկ երկրաշարժ՝ Սուրիա եւ Թուրքիա եւ… վերոյիշեալ հրաշքը մէկ ակնթարթի մէջ չքացաւ։ Եզակի բնական երեւոյթներէն մին, որուն պատասխանատուութիւնը անիմանալի ու անմեկնելի խորհուրդի մը ծնունդն է։ Բնական աղէտները պիտի մնան մարդկութեան անզօրութեան ցուցանիշ՝ տիեզերական մեր այս գոյութեան ընթացքին։ Այդ անզօրութիւնը իր ամբողջական տարողականութեամբ կրնայ միայն մէկ դրական եւ պարտադիր իրավիճակի ուղղորդել բոլորս կամ այդ գոյամարտին մէջ վսեմ յաղթանակ մը ապահովել մեզի։ Երկրագունդին ազատագրումը՝ ազգամիջեան պայքարներէն ու մրցակցութիւններէն… Պատերազմներէն ու իրերամերժութենէն խուսափիլը նման աղէտներ դիմագրաւելու լաւագոյն միջոցներն են։

Միրնան, Ալպէր-Նարեկը եւ բոլոր տասնեակ հազարաւոր բազմազգի նահատակներու հոգիները, աստղերու վերածուած, թող առաւելագոյնս լուսաւորեն մեր աշխարհի երկինքը՝ դառնալով մարդկութեան խաւարը բեկանող ջահեր։

Լոյսերու մէջ սաւառնիք սիրելի Միրնա եւ Ալպէր-Նարեկ, համբերութիւն եւ սփոփանք՝ ձեր սիրելի հարազատներուն։

 

Նորա Գաբոյեան
«Ժամանակ»/Պոլիս