image

Ծանր դրութիւնը կը շարունակուի. Թուրքիա պարէտային ժամ յայտարարած է 16 շրջաններու մէջ

Ծանր դրութիւնը կը շարունակուի.  Թուրքիա   պարէտային  ժամ   յայտարարած է         16 շրջաններու մէջ

Թուրքիոյ  իշխանութիւնները պարէտային ժամ  յայտարարած են   մեծամասնութեամբ  քրտաբնակ 16 շրջաններու մէջ: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ նաեւ կը յայտնեն, որ ծանր իրադրութիւն կը տիրէ մասնաւորապէս Տիարպէքիր նահանգին մէջ: Շրջանի քաղաքապետ Հիւսէյն Աքսու  ըսած է, թէ  մասնաւորապէս  Սիլվան շրջանին մէջ  ապահովական մարմիններ ծանր միջոցառումներու  դիմած են եւ շրջանի բնակիչները կ'ապրին վախի ու սարսափի մթնոլորտ մը: Իր կարգին Human Rights Watch  կազմակերպութիւնը այսօր հաղորդագրութեամբ մը հանդէս գալով դատապարտած է Թուրքիոյ իշխաննութիւններուն  արարքները՝ նկատել տալով, որ  դատական մարմինները արդար  կերպով չեն գործեր:  Այս   զարգացումներուն առընթեր  այսօր  յայտնի  դարձաւ, թէ Մարտին քաղաքին  մէջ  իրենց պաշտօնէն հեռացուած են 2 թաղապետներ  քրտական PKK–ին հետ համագործակցելու  մեղադրանքով: Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի  սկիզբ առած  զինուորական բախումներուն  հետեւանքով  սպաննուած են  քիւրտ   աւելի քան  2000  զինեալներ մինչ   թրքական  բանակի  զոհերուն թիւը կը գնահատուի 500-ով:  Կը հաղորդուի նաեւ, որ  տարբեր պայմաններու տակ սպաննեալ  անզէն քաղաքայիններուն թիւը  կը հասնի  400-ի: Թուրքիոյ մէջ ընթացող զարգացումներուն հետեւողներուն  համար   աննախընթաց է այսօր   Թուրքիոյ իշխանութիւններուն  16 շրջաններու մէջ պարէտային ժամ  յայտարարելու որոշումը: