image

«Տնտեսական պայքարը աւելի գէշ է, քան պատերազմը».Հալէպահայ ՝Սոնիա Գաբրիէլեան

«Տնտեսական   պայքարը աւելի   գէշ է, քան  պատերազմը».Հալէպահայ ՝Սոնիա  Գաբրիէլեան

«Եթէ երէկ Սուրիան մշուշի մէջ էր, այսօր նոյն  խօսքը  կարելի է ըսել  ամբողջ  աշխարհին  համար».  «Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ  հալէպահայ հասարակական գործիչ՝ Տիկ. Սոնիա Գաբրիէլեան:

 

-Ինչպիսի՞ն է Հալէպի իրավիճակը այս օրերուն եւ ի՞նչ են հիմնական դժուարութիւնները։


Ներկայիս Հալէպի վիճակը ընդհանրապէս լաւ չէ, ընդհակառակը, պատերազմի շրջանին մենք շատ աւելի հանգիստ էինք, քան՝ հիմա: Պատերազմի ժամանակ, ճիշդ է որ դժուար էր, միշտ լարուած էինք, բայց մարդիկ գոնէ կ'իջնէին իրենց խանութները, գործ կ'ընէին, եկամուտ  ունէին, դրամ կը շահէին. ներկայիս, այս սղաճի պայմաններուն մէջ մարդիկ իրենց առաջնային պէտքերը նոնյիսկ չեն կրնար ձեռք բերել, գնել, այս է ամենամեծ դժուարութիւնը ներկայիս: Ժողովուրդը ստիպուած է ընտելանալ այս վիճակին հետ եւ այս շրջանին բաւարարուիլ նուազագոյն անհրաժեշտ պէտքերը ապահովելով, այնքան ատեն, որ կայուն վիճակ մը չունի մեր տնտեսութիւնը:

 

-Մամուլէն տեղեակ եղած ենք, որ Սուրիոյ դէմ տնտեսական ծանր պատժամիջոցներ  դրուած են։ Այդ պատիժները կրնան ազդե՞լ Հալէպի վրայ։


Բոլոր պատժամիջոցները, որ Սուրիոյ վրայ կը դրուին, բնականաբար կ'ազդեն բոլոր քաղաքներուն վրայ անխտիր: Այն ինչ որ Դամասկոսի վրայ կ'ազդէ, կ'ազդէ նոյնպէս Հալէպի վրայ, ի վերջոյ մէկ պետութիւն է,  եւ մէկ ժողովուրդ, այնպէս որ, անպայման որ պիտի ազդուի: Վերջերս մանաւանդ այս «Կայսեր օրէնք»ը, որ ընդունեց Միացեալ Նահանգներ, աւելի պիտի ծանրացնէ վիճակը, բայց ասիկա մեզի համար նորութիւն մը չէր, տնտեսական տագնապները տարիներէ ի վեր կ'ապրինք, բացի բարեկամ երկիրներէն, դուրսէն չէինք կրնար որեւէ ապրանք ներածել, միայն  կրնայինք   համագործակցիլ մեր բարեկամ երկիրներուն հետ։ Հիմա   գոյութիւն ունեցող սղաճը, դրամական անկայուն վիճակը քիչ մը աւելի դժուարութիւն կու տան ժողովուրդին: Միւս կողմէն կրնանք ըսել նաեւ, որ տագնապը երբեմն ժողովուրդը ինքը կը ստեղծէ, օրինակ դեղերու պարագային, այն որ առաջ մէկ տուփ կը գնէր, հիմա 5-6 տուփ կ'ուզէ մէկ անգամէն գնել, եւ այդ մէկը դեղերու պակասի տագնապ կը ստեղծէ: Բարեբախտաբար մենք հոս սուրիական արտադրութիւններ ունինք եւ անոր շնորհիւ է, որ կը դիմանանք, հակառակ որ այդ կողմէ ալ ուզեցին հարուածել Սուրիոյ սակայն չկրցան  հասնիլ  իրենց նպատակին։ Օրինակ մը տալու համար ըսեմ,որ  ամերիկեան օդանաւերը Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի մեր ցորենի հասկերը այրեցին, որպէսզի ժողովուրդը սովի մատնուի եւ բողոքէ պետութեան դէմ, բայց նորէն  ալ չկրցան հասնիլ  իրենց նպատակներուն։ Մենք ծանօթ ենք մեծ երկիրներու այս խաղերուն, բայց դեռ ինչքան պիտի կարենայ տոկալ Սուրիոյ ժողովուրդը՝ չեմ կրնար ըսել: Այնքան ատեն, որ մենք կ'ուզենք մեր երկրին տէրը ըլլալ եւ չըլլալ՝ ստրուկը օտար երկիրներու կամ Ամերիկայի, պէտք է տոկանք ու պայքարինք:


-Հայութեան մասին ի՞նչ կրնաք ըսել, ի՞նչ են Հալէպի հայութեան դժուարութիւնները  եւ արդեօք հալէպահայութիւնը պիտի կարողանայ տնտեսական այս տագնապն ալ  յաղթահարել։


Հայութիւնը, ինչպէս Սուրիոյ մնացեալ ժողովուրդը, նոյն դժուարութիւնները ունի: Հոս  ամբողջ ժողովուրդը, հաւասրապէս, նոյն դժուարութիւնները ունի, ասիկա պէտք է որ մենք ընդունինք, այսինքն՝ հայը չի տարբերիր միւսներէն, որովհետեւ բոլորն ալ, ըլլայ պետական պաշտօնեայ, ըլլայ անձնական ընկերութիւններու մէջ աշխատող, նոյն դժուարութեան առջեւ կանգնած են: Իսկ՝ պիտի կարենա՞նք այս տագնապին յաղթել, թէ՞ ոչ հոս է հարցը։ Չմոռնամ   ըսելու, որ մենք  ՝սուրիացիներս արդէն վարժուեցանք  այս դժուարութիւններուն։ Ինը  տարիներ  պատերազմին տոկացինք, ան որ կառչած է այս երկրին եւ կը հաւատայ այս երկրին՝ պիտի տոկայ, ես այս  գաղափարին կը հաւատամ եւ կը յուսամ, որ   պիտի  կարողանանք  յաղթական դուրս գալ այս վիճակէն ալ:

 

-Ընկերային- տնտեսական առումով Հալէպի հայութեան ուղղուած օժանդակութիւնները կը շարունակուի՞ն արդեօք. Եւ առհասարակ ի՞նչ ակնկալիքներ ունի Հալէպի մեր ժողովուրդը։


Ընդհանրապէս ընկերային-տնտեսական օժանդակութիւններ կ'ուղղուին Հալէպի հայութեան, եւ ոչ միայն հայութեան, բայց անշուշտ ոչ առաջուայ չափով: Պատերազմի օրերուն շատ մը միջազգային կազմակերպութիւններ, որոնք մեծ օժանդակութիւններ կը տրամադրեցին հիմա  այլեւս նոյնկերպ չեն վարուիոր։ Այսօր իրավիճակը    փոխուած է ։ Իրականութեան մէջ, հիմա երբ մեր շուրջը կը նայինք, կը տեսնենք, որ ամբողջ աշխարհը կարիքի մէջ է, այլեւս ինչքանով Սուրիոյ ժողովուրդին պիտի կարենան հասնիլ, չեմ գիտեր: Բայց կրնամ ըսել, որ Հալէպի մեր ե՛ւ առաջնորդարանները, ե՛ւ միութիւնները, կազմակերպութիւնները բոլորն ալ կ'օժանդակեն ժողովուրդին, անոնց պէտքերը կը հոգան, նոյնիսկ այն ընտանիքներուն, որոնք անկարող են իրենց տուներէն իջնելու, հայ երիտասարդութիւնը անոնց պէտքերը իրենց տուները կը հասցնէ, եւ  այդ փաստով մենք հպարտ կը զգանք:

Մեր ակնկալիքն է, որ համաշխարհային տագնապալի  այս օրերուն Սուրիոյ ժողովուրդը մոռացութեան չմատնուի եւ բարեսիրական հաստատութիւններ  չմոռանան ձեռք երկարել ոչ միայն հալէպահայութեան, այլ ամբողջ սուրիացի ժողովուրդին, որովհետեւ մեզի համար բոլորը նոյն ժողովուրդն են, եթէ օգնութիւն պիտի գայ, պէտք է բոլորին գայ:  Իբրեւ  «Առեւտրական  գրասենեակ»ի  աշխատակից  կ՚ուզեմ   ըսել,  որ մենք օժանդակութիւններ կը բաժնենք բոլոր ժողովուրդին, անոնց մէջ ըլլալով հայը, քրիստոնեան եւ իսլամը, այս մէկը  պէտք է  գիտնան  բոլորը, որովհետեւ  մեզի համար   բոլոր  սուրիացիները  մէկ  են։

 

-Մտահոգ է՞ք  Սուրիոյ ապագայով:  Եւ արդեօք ի վերջոյ Սուրիան       դուրս պիտի գա՞յ այս  մեծ տագնապներէն։


Անշուշտ որ մտահոգ ենք Սուրիոյ ապագայով, որովհետեւ ներկայիս դիմացնիս մշուշ է, անորոշութիւն, լուսաւոր բան չենք տեսներ, ամէն կողմէ միայն դժուարութիւններ կան, եւ ասի միայն Սուրիոյ ապագային մասին չեմ ըսեր, այլ ամբողջ աշխարհին, որ դժուարութիւններու մէջ յայտնուած է։ Անշուշտ  Սուրիոյ պարագան  քիչ մը աւելի ծանր է, նկատի ունենալով, որ Սուրիան  տարիներէ ի վեր ծանր պատժամիջոցներու կ՚ենթարկուի։ Բայց մենք միշտ հաւատացած ենք մեր Սուրիոյ պետութեան, որ իր բարեկամներուն միջոցաւ միշտ ելք մը գտած է նման ծանր վիճակներէն: Ես կը հաւատամ իմ երկրիս, մեր պետութեան կամքին, որ պիտի կարենայ մեզի դուրս հանել այս տագնապէն  ալ,  որ անշուշտ ժամանակ պիտի պահանջէ, պէտք է տոկանք:

 

-Հայութիւնը  ապագայ ունի՞ Սուրիոյ մէջ։


Հայութիւնը հազարաւոր տարիներէ ի վեր Սուրիոյ մէջ եղած է, այսինքն 100 տարի առաջ չէ որ եկաւ եւ ըսել թէ հիմա վերջացաւ իր շրջանը ու պէտք է երթանք, ո՛չ: Մենք այս երկրին կը պատկանինք, մենք այս երկրի ժողովուրդին մէկ մասնիկն ենք, քանակի որոշ նուազում կրնայ ըլլալ, բայց հայութիւնը միշտ գոյութիւն պիտի ունենայ այս հողերուն վրայ: Մենք նաեւ կը հաւատանք, որ Հալէպը իբրեւ Սփիւռքի մայր գաղութ, չըլլար պարպուի, մայր գաղութը իր յատուկ արժէքը ունի մեր պատմութեան մէջ, ամբողջ աշխարհի մէջ երբ կը տեսնենք յաջողութեան հասած հայեր, բարձր պաշտօններու վրայ եղած հայեր, եւ պրպտենք անոր արմատները, կը տեսնենք, որ բոլորն ալ Հալէպէն եղած են: Այսինքն, կրնամ ըսել, որ հպարտ եմ հալէպցի ըլլալուս, հպարտ եմ, որ Հալէպի զաւակ եմ, եւ չեմ կարծեր, որ առանց Հալէպի կրնամ մնալ:  Պատկերաւոր ասած՝ Հալէպը պիտի մնայ մեր մէջ, եւ մենք անոր  մէջ...։