Կը նշուի նաեւ, որ նպարատան սեփականատէրը Գաբրիէլեանի ուղղութեամբ գրոհելու ատեն մի քանի լուտանքներ արձակած է հայութեան հասցէին։
Դէպքէն անմիջապէս ետք պոլսահայ համայնքային շրջանակներ դատապարտած են պատահարը, մինչ Պոլսոյ Սահակ Բ. Պատրիարքը այցելութիւն տուած է Գաբրիէլեանին։
Գաբրիէլեան բուժումներ ստանալով ներկայիս կը գտնուի իր բնակարանէն ներս, մինչ պոլսահայ մեր հայրենակիցները եղածին վերաբերեալ որոշած են «պոյքոթ»ի ենթարկել այդ վաճառատունը։
«Արեւելք»(Պոլիս),- Պոլսահայ շրջանակներուն մէջ ճանչցուած անուն համարուող Կարօ Գաբրիէլեան օրերս յարձակման ենթարկուած է։
Դէպքը տեղի ունեցած է Պոլսոյ հայաշատ Գնալը կղզիին մէջ, երբ Գաբրիէլեան վէճի բռնուած է իր թաղին մէջ եղող նպարատան տէրերուն հետ։
Մանրամասնութեան մէջ կը նշուի, որ Գաբրիէլեան բոլոր օրինական միջոցներով դիմած է այդ նպարատան տէրերուն, որ փողոցէն հանեն իրենց վաճառած ապրանքները, որիվհետեւ վիճակը սկսած է դառնալ անընդունելի ու խանգարել մարդոց հետիոտն երթ ու դարձը։
Նպարատան սեփականատէրը մերժած է Գաբրիէլեանի առաջարկը եւ գրոհելով անոր ուղղութեամբ մի քանի հարուած հասցուցած է դէմքին ու թեւերուն։
Վրայ հասած են թաղամասին մէջ գտնուող մեր հայրենակիցները ու անմիջապէս Կարոյին ուղեկցած դէպի ոստիկանատուն ներկայացնելու համար եղած դէպքն իր ամբողջութեամբ։
Կը նշուի նաեւ, որ նպարատան սեփականատէրը Գաբրիէլեանի ուղղութեամբ գրոհելու ատեն մի քանի լուտանքներ արձակած է հայութեան հասցէին։
Դէպքէն անմիջապէս ետք պոլսահայ համայնքային շրջանակներ դատապարտած են պատահարը, մինչ Պոլսոյ Սահակ Բ. Պատրիարքը այցելութիւն տուած է Գաբրիէլեանին։
Գաբրիէլեան բուժումներ ստանալով ներկայիս կը գտնուի իր բնակարանէն ներս, մինչ պոլսահայ մեր հայրենակիցները եղածին վերաբերեալ որոշած են «պոյքոթ»ի ենթարկել այդ վաճառատունը։
Շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք մեր հայրենակիցին, յուսալով, որ պատահարը հետեւանք չի դառնար յաւելեալ լարումներու։