Թեհրանը կողմ է տարածաշրջանին մէջ փոխադրային հաղորդակցութիւններու բացման, բայց հաշուի առնելով Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը։ Այս մասին Կապանի մէջ «Հայաստան-Իրան. Համագործակցութեան ընթացքն ու նոր հեռանկարները» խորագրով փորձագիտական եռօրեայ համաժողովի շրջածիրէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանին։
Անոր խօսքով`Իրանի դիրքորոշումը յստակ է այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի վերաբերեալ` իրանեան կողմը դէմ է աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութեան եւ միջանցքային տրամաբանութեան։
«Իրանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները յստակ հիմք ունին, մենք դարեր շարունակ կողք կողքի ապրած հարեւաններ ենք եւ ունինք շատ լաւ, բարիդրացիական յարաբերութիւններ։ Եւ ես չեմ կարծեր, որ որեւէ մէկը քայլ կը կատարէ երկու երկիրներու ժողովուրդի շահերու դէմ»,-ըսած է Սոպհանին։
Ան նշած, որ նախապէս երկկողմ յարաբերութիւնները նոյնպէս կը զարգանային առանց արտաքին գործօններու ազդեցութեան։ Թեհրանը համոզուած է, որ Երեւանի հետ յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն զարգանալ երկկողմ համագործակցութեան ոգիով, որու վրայ չեն ազդեր արտաքին գործօնները։