image

Թուրքիոյ Օդուժը Կը Հարուածէ ISIS-ի Սուրիոյ Դիրքերը

Թուրքիոյ Օդուժը  Կը Հարուածէ  ISIS-ի Սուրիոյ  Դիրքերը

Սուրիա-      Թրքական օդուժը    կը հարուածէ  ISIS-ի  Սուրիոյ մէջ եղող  տարբեր դիրքերը: Այս մասին լուր փոխանցած աղբիւրները նոյնպէս կը հաղորդեն, որ   դաշնակից ուժերու   ISIS  ահաբեկչկան  խմբաւորման  դէմ սկիզբ առած  զինուորական գործողութիւններէն ի վեր առաջին անգամն է, որ թրքական օդուժը  կը հարուածէ   ISIS -ի  4 տարբեր  դիրքեր: Յիշեցնենք, որ  Թուրքիոյ կառավարութիւնը երէկ իր համաձայնութիւնը տուած էր, որ ամերիկեան  կործանիչներ  օգտագործելով «Ինճիրլիք»ի  օդակայանը  հարուածներ հասցընեն  ISIS -ին:  Թուրքիա- Սուրիա  սահմանային ամբողջ  հատուածը կը մնայ լարուած: