image

Սուրիոյ նախագահը դատապարտած է Իսրայէլի յարձակումը սուրիական տարածքներու վրայ

Սուրիոյ նախագահը դատապարտած է Իսրայէլի յարձակումը սուրիական տարածքներու վրայ

 

Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ Յուլիս 17-ին ուղերձով դիմած է սուրիացի ժողովուրդին՝ ընդգծելով պետութեան նուիրուածութիւնը ազգային միասնութեան եւ մերժելով արտաքին որեւէ փորձ՝ անհամաձայնութիւն սերմանելու կամ երկիրը բաժանման ու պատերազմի մղելու ուղղութեամբ։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է սուրիական Al Ikhbariah հեռուստաալիքը։

«Նախկին իշխանութեան անկումէն ի վեր, իսրայէլեան վարչակարգը միշտ ալ թիրախ դարձուցած է երկրի կայունութիւնը եւ բազմիցս փորձած է ներքին անկարգութիւն ստեղծել», — ըսած է ան՝ շեշտելով, թէ Սուրիան «ո՛չ դաւադրութիւններու փորձադաշտ է, ո՛չ ալ արտաքին նկրտումներու թատերաբեմ»։

Իր ելոյթին մէջ նախագահ Շարհ անդրադարձած է Սուէյտայի տուրզի համայնքին՝ ընդգծելով, թէ անոնց իրաւունքներն ու ազատութիւնները ապահովուած են եւ կը պահպանուին պետութեան առաջնահերթութիւններուն շարքին՝ մերժելով զանոնք արտաքին հակամարտութիւններուն մէջ ներքաշելու որեւէ փորձ։

Ահմետ Շարհ խոստացած է, որ տուրզի փոքրամասնութեան դէմ բռնութիւններուն ետին կանգնողները պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուին՝ աւելցնելով, թէ անվտանգութեան պատասխանատուութիւնը պիտի վերադարձուի տեղական իշխանութիւններուն։

Ան նշած է, թէ Պաշտպանութեան եւ Ներքին Գործոց նախարարութիւններու ուժերը տեղակայուած են ամբողջ նահանգին մէջ եւ յաջողութեամբ վերականգնած են կայունութիւնը՝ վտարելով ապօրինի խմբաւորումները՝ հակառակ Իսրայէլի միջամտութեան։

Նախագահը բարձր գնահատած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, արաբական երկիրներու եւ Թուրքիոյ կողմէ նախաձեռնուած միջնորդութիւնը, որ նպաստած է շրջանը անորոշ ճակատագրի մատնուելէ փրկելուն։

Աւելի վաղ Սուրիոյ կառավարութիւնը յայտնած էր Սուէյտայի մէջ քանի մը օր տեւած բռնութիւններէն ետք նոր հրադադարի եւ հոն ռազմական գործողութիւններու դադրեցման մասին։