image

Սուրիոյ մէջ բախումներու հետեւանքով 356 մարդ զոհուած է. Շարըհի բանակը սկսած է դուրս գալ Սուէյտայէն

Սուրիոյ մէջ բախումներու հետեւանքով 356 մարդ զոհուած է. Շարըհի բանակը սկսած է դուրս գալ Սուէյտայէն

Սուրիոյ հարաւային Սուէյտա նահանգին մէջ, Յուլիս 13-ի առաւօտուն սկսած բախումներէն ի վեր, զոհուած է 356 մարդ։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, այս մասին յայտնած է Sky News Arabia-ն՝ յղում կատարելով Սուրիոյ Մարդկային Իրաւանց Դիտորդական Կեդրոնին։

Կազմակերպութեան համաձայն՝ զոհուած է 79 տուրզի զինեալ, 55 քաղաքացիական անձ, կառավարական ուժերու 189 զինուորական եւ 18 ցեղային զինեալ։ Աւելին, Իսրայէլի օդային հարուածներուն պատճառով զոհուած է կառավարական ուժերու եւս 15 զինուորական։

Սուրիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ սուրիական բանակը Յուլիս 16-ի երեկոյեան սկսած է դուրս գալ տուրզիներով բնակեցուած Սուէյտա քաղաքէն՝ բռնութիւններուն ենթարկուած քաղաքին մէջ կրակի դադրեցման նոր համաձայնութեան յայտարարութենէն քանի մը ժամ ետք։

«Զօրքերը կը լքեն Սուէյտան՝ քաղաքը անօրինական խմբաւորումներէ մաքրելէ ետք, եւ ոստիկանութիւնը վերահսկողութիւն պիտի հաստատէ հոն», — նշուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Տուրզիներու հոգեւոր առաջնորդը ողջունած է ռազմական գործողութիւններու ամբողջական դադրեցման վերաբերեալ համաձայնութիւնը։

Իր հերթին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքո Ռուպիօն Յուլիս 16-ին յայտարարած է, որ առաջընթաց գրանցուած է Սուրիոյ հարաւը մարտական գործողութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։

«Մենք ներգրաւած ենք Սուրիոյ բախումներուն մէջ ներգրաւուած բոլոր կողմերը։ Մենք համաձայնութեան հասած ենք որոշակի քայլերու շուրջ, որոնք այս գիշեր պիտի վերջ տան այս մտահոգիչ եւ սարսափելի իրավիճակին։ Սա կը պահանջէ, որ բոլոր կողմերը կատարեն իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները, եւ մենք ամբողջովին այդ ակնկալութիւնն ունինք անոնցմէ», — գրած է ան X հարթակին մէջ։