Թուրքիա- Անցնող Յունիսի ընտրութիւններէն ի վեր Թուրքիոյ բանակի զոհերուն թիւը հասած է 10 -ի: Այս մասին յայտարարութիւն ըրած է Թուրքիոյ փոխ վարչապետ Պիւլէթ Առընճ: Առընճ նաեւ ըսած է, որ թուրք զինուորները սպաննուած են 42 ահաբեկչական գրոհներու ընթացքին, որոնց գլխաւոր պատասխանատուն իր ըսելով քրտական PKK-ն է: Նշենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմատ Տաւութօղլու աւելի վաղ յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով ըսած էր, որ Թուրքիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ անցնող օրերուն ձերբակալուած էին 1302 մեղադրեալներ, որոնց մէջ կային ISIS-ի եւ PKK-ի անդամներ: