Թուրքիոյ Ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Ֆաթիհ Տօնմեզ մեկնաբանած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի յայտարարութիւնն այն մասին, որ Թուրքիոյ մէջ կարելի է ստեղծել բնական կազի ամենամեծ հանգոյցը, գրած է «Անատոլու» գործակալութիւնը։
Յիշեցնենք, որ երէկ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած էր, որ «Հիւսիսային հոսք» կազատարով տարանցման կորսնցուցած ծաւալը կարելի է վերաուղղել դէպի Սեւ ծովու տարածաշրջան։ Ատոր համար, ըստ անոր, հնարաւոր է Թուրքիոյ մէջ ստեղծել ամենամեծ կազային հանգոյցը, որով պիտի իրականացուին մատակարարումները դէպի Եւրոպա։
««Հիւսիսային հոսք»-երու (nord stream) միջոցով Պալթեան ծովու յատակով, վերջին շրջանին եղած արկածի հետեւանքով տարանցման կորսուած ծաւալը, կրնանք նաեւ տեղափոխել դէպի Սեւ ծովու տարածք եւ այդպիսով դարձնել մեր վառելիքի, բնական կազի Եւրոպա մատակարարման հիմնական ուղիները Թուրքիոյ տարածքով՝ Թուրքիոյ մէջ ստեղծելով Եւրոպայի ամենամեծ կազային հանգոյցը»,- ըսած էր ան։
Տօնմեզն ըսած է, որ Թուրքիոյ մէջ բնական կազի հանգոյցի ստեղծումը «տեխնիկապէս հնարաւոր է»։
«Միջազգային մաշտապի նախագիծերը կը պահանջեն տեխնիկական, առեւտրային եւ իրաւական զարգացում»,- պարզաբանած է թուրք նախարարը։
Տօնմեզ որպէս օրինակ բերած է «Թրքական հոսք» նախագիծը։
«Թուրքիոյ համագործակցութիւնը Ռուսիոյ հետ առաջ կը շարժի տարբեր ոլորտներու մէջ, ոչ միայն՝ ուժանիւթի։ Այս ամէնը կը պահանջէ համակողմանի քննարկում ու վերլուծութիւն»,-ըսած է թուրք նախարարը։