image

ԵՄ-ն հաստատած է Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու 22-րդ փաթեթը. Քալլաս

ԵՄ-ն հաստատած է Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու 22-րդ փաթեթը. Քալլաս

Եւրոպական Միութիւնը հաստատած է Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու 22-րդ փաթեթը՝ սեւ ցուցակին մէջ ներառելով պաշտպանական ոլորտի հետ կապ ունեցող շուրջ 1,600 ընկերութիւններ եւ ֆիզիքական անձեր։ Այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Քայա Քալաս։

«Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները քիչ առաջ հաստատեցին Ռուսիոյ ռազմաարդիւնաբերական համալիրին հետ կապ ունեցող շուրջ 1,600 ընկերութիւններու եւ ֆիզիքական անձերու ներառումը սեւ ցուցակին մէջ։

Մենք զգալիօրէն աւելի դժուար, դանդաղ եւ սուղ կը դարձնենք Ռուսիոյ համար այն զէնքերու արտադրութիւնը, զորս ան կ՚օգտագործէ ուքրաինացիները սպաննելու համար», գրած է Քալաս։

Պատժամիջոցները ուժի մէջ պիտի մտնեն Եւրոպական Միութեան «Պաշտօնական տեղեկագիր»-ին մէջ ամբողջական ցանկին հրապարակումէն ետք։