image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիան կը հետեւի Ղարաբաղէն ռուս խաղաղապահներու դուրսբերման գործընթացին. Էրտողանը՝ Ալիեւին

Թուրքիան կը հետեւի Ղարաբաղէն ռուս խաղաղապահներու դուրսբերման գործընթացին. Էրտողանը՝ Ալիեւին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման խօսած է բռնագրաւուած Արցախի մասին։ Այս մասին յայտնած է TRT-ն:

«Թուրքիան կը հետեւի Ղարաբաղէն ռուս խաղաղապահներու դուրսբերման գործընթացին եւ հաւանութիւն կու տայ «բռնագրաւումէն ազատագրուած ատրպէյճանական հողերու» վերականգնման աշխատանքներուն»,-ըսած է Էրտողան։

Յիշեցնենք, որ երէկ Ալիեւ, Էրտողանի հրաւէրով, մեկնած էր Անգարա, ուր քննարկուած են տարածաշրջանային հարցեր: