Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման խօսած է բռնագրաւուած Արցախի մասին։ Այս մասին յայտնած է TRT-ն:
«Թուրքիան կը հետեւի Ղարաբաղէն ռուս խաղաղապահներու դուրսբերման գործընթացին եւ հաւանութիւն կու տայ «բռնագրաւումէն ազատագրուած ատրպէյճանական հողերու» վերականգնման աշխատանքներուն»,-ըսած է Էրտողան։
Յիշեցնենք, որ երէկ Ալիեւ, Էրտողանի հրաւէրով, մեկնած էր Անգարա, ուր քննարկուած են տարածաշրջանային հարցեր: