image

Որպէս անհետ կորսուած կ՚որոնուի 2011թ. ծնած Անի Գէորգեանը

Որպէս անհետ կորսուած կ՚որոնուի 2011թ. ծնած Անի Գէորգեանը

 

Քրէական ոստիկանութեան Արարատի մարզային վարչութեան կողմէ որպէս անհետ կորսուած կը փնտռուի 2011 թուականին ծնած Անի Գէորգեան։

Ան Սեպտեմբեր 11-ի երեկոյեան դուրս եկած է Արտաշատ քաղաքի իր բնակարանէն եւ չէ վերադարձած։

Անոր գտնուած վայրին մասին տեղեկութիւն ունեցողներուն կը խնդրուի դիմել ոստիկանութեան մօտակայ բաժին կամ զանգահարել 112 հեռաձայնի համարով։