Չինաստանի նախագահ Սի Ճինփինկը եօթը տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով մեկնած է Հնդկաստանի մայրաքաղաք Նիւ Տելի՝ մասնակցելու BRICS-ի գագաթնաժողովին։
Չինական օդանաւի՝ Հնդկաստան վայրէջք կատարելու տեսագրութիւնները ցուցադրած է NDTV-ն։
Սի Ճինփինկի օդանաւը վայրէջք կատարած է Փալամի ռազմաօդային խարիսխին մէջ։
Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ծրագիրին համաձայն՝ BRICS-ի անդամ երկիրներու պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու հանդիպումէն ետք Սի Ճինփինկն ու Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին երկկողմ բանակցութիւններ պիտի վարեն։