image

Թուրքիա Պիտի Վերադարձնէ Փոքրամասնութիւններու Գրաւուած Կալուածները Կը Գրէ Daily Sabah

Թուրքիա Պիտի    Վերադարձնէ Փոքրամասնութիւններու Գրաւուած Կալուածները   Կը Գրէ Daily Sabah

Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Ըստ  Պոլիս հրապարակուող Daily Sabah-ին, Թուրքիա կը պատրաստուի փոխյատուցել  հայ, յոյն եւ հրեայ փոքրամասնութիւններուն, որոնց կալուածերը անցեալին գրաւուած են պետութեան կողմէ եւ վաճառուած երրորդ կողմի մը: Թերթը նաեւ կը գրէ, թէ   փոքրամասնութիւններու յաճախ անտեսուած իրաւունքները վերականգնելու Թուրքիոյ ջանքերը կրնան շրջադարձային զարգացում ապրիլ, եթէ կառավարութիւնը պատրաստ ըլլայ գրաւուած կալուածներու փոխյատուցման ուղիներ բանալ:Կրօնական հաստատաութիւններու կալուածները, որոնք ժամանակին հայ, յոյն եւ հրեայ համայնքներուն պատկանած են , գրաւուած են պետութեան կողմէ անցեալին կիրառուած խտրականութեան քաղաքականութեան արդիւնքով եւ այդ կալուածները՝ պատմական շէնքերէ եւ եկեղեցիներէ սկսեալ, մինչեւ դպրոցները, անոնց բռնագրաւումէն ետք մեծամասնութեամբ վաճառուած են գանձատան կողմէ:Նոյն աղբիւրին համաձայն    անցնող  1 Նոյեմբերի Թուրքիոյ խորհրդարանական արտակարգ  ընտրութիւններու յաղթանակին, որպէս  հետեւող բարեփոխումներ, «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան (AKP) կառավարութէնէն կը սպասուի փոխհատուցման օրէնք հաստատել յառաջիկայ վեց ամիսներու ընթացքին: Աղբիւրը  նաեւ կը նշէ, որ  Թուրքիոյ հանրապետութեան պատմութեան մէջ նախադէպ պիտի ըլլայ, ուր փոքրամասնութիւնները 1936-1974 թուականներուն  գրաւուած կալուածներու փոխյատուցումը պիտի ստանան: Թուրքիան 1936-ին վիճայարոյց օրէնք սահմանեց, որու համաձայն արգիլեց ոչ իսլամ համայնքներուն անշարժ գոյքերու՝ եկեղեցիներու եւ տաճարներու նուիրաբերումը, ճանապարհ հարթելով համայնքերու ձեռքէն այդ կալուածներու գրաւման: 1974-ին, Գերագոյն վերաքննիչ դատարանը իրաւունք տուաւ պետութեան 1936-էն ետք փոքրամասնութիւններու կողմէ ձեռք բերուած կալուածները գրաւման, ուր հաստատուած օրէնքի համաձայն կալուածները պիտի վերադարձուէին բուն սեփականատէրերուն, սակայն անոնց բացակայութեան պատճառաւ, անոնք դարձան գանձապետարանի սեփականութիւնը:  Աղբիւրը վերջապէս կը նշէ, որ փոփոխութիւնները նկատելի են մանաւանդ հայկական համայնքին վերաբերեալ, որ կը պայքարէր վերադարձնելու  Պոլսոյ մէջ  գտնուող  պատմական  որբանոցը («Քամփ Արմէն»- Խմբ. ՝ «Արեւելք») եւ դպրոց մը:   Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ Թուլզա թաղամասի մէջ գտնուող «Քամփ Արմէն»  որբանոցը անցած ամիս ներկայ սեփականատիրոջ կողմէ զայն քանդելու դէմ շարունակողական բողոքի ցոյցերուն որպէս արդունք վերադարձուեցաւ հայ եկեղեցւոյ հիմնարկին:Կէտիքփաշա հայկական  Աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնարկը առաջին սեփականատէրն էր այդ որբանոցին,  ուր աւելի քան 1,500 հայեր անցուցած էեն իրենց մանկութիւնը, նախքան անոր գրաւումը, դատարանի 1979-ի իրականացուցած որոշման համաձայն :