image

Պլինքըն Ալիեւը յորդորած է ազատ արձակելու Ատրպէյճանի մէջ «անարդարացիօրէն ձերբակալուածները»

Պլինքըն Ալիեւը յորդորած է ազատ արձակելու Ատրպէյճանի մէջ «անարդարացիօրէն ձերբակալուածները»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին կոչ ըրած է «ազատ արձակելու Ատրպէյճանի մէջ անարդարացիօրէն ձերբակալուածները»։

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մեթիւ Միլլըր տեղեկացուցած է, որ Պլինքըն հեռախօսազրոյցին շնորհակալութիւն յայտնած է Ալիեւին անցեալ շաբթուան յայտարարութեան համար, ըստ որու՝ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը համաձայնած են օգտագործել 1991-ի Ալմա Աթայի հռչակագիրը որպէս սահմաններու սահմանազատման հիմք, եւ ընդգծած է ատոր կարեւորութիւնը երկու կողմերու համար՝ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու համար:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը Ատրպէյճանի նախագահին կոչ ըրած է շարունակելու երկխօսութիւնը հայ գործընկերոջ հետ՝ վերահաստատելով այդ ջանքերուն աջակցելու Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը։

«Պլինքըն կրկին յորդորած է Ատրպէյճանը հաւատարիմ մնալու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային պարտաւորութիւններուն եւ ազատ արձակել Ատրպէյճանի մէջ անարդարացիօրէն ձերբակալուածները»,- ըսուած է Միլլըրի յայտարարութեան մէջ։

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը ապրիլ 28-ին հեռախօսազրոյց ունեցած է նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Քննարկուած էին Հայաստան-ԱՄՆ երկկողմ յարաբերութիւններուն, ապրիլ 5-ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին վերաբերող հարցեր: